
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա բաւական հետաքրքրական առաջարկներ ստացած է Չինաստանէն:
Կը նշուի, որ չինական ակումբներէն մէկը, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստին առաջարկած է տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն ան կը նախընտրէ մնալ արքայական ակումբին հետ:
Սպանական մամուլը կը յայտնէ, որ ցարդ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետտին Զիտանի կողմէ Մորաթթայի` իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չառնուիլը այդքան ալ ճիշդ չէ:
Թէեւ Մորաթթա դաշտ կը ներկայանայ իբրեւ պահեստի մարզիկ, սակայն աւելի արդիւնաւէտ է, քան իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացող Քարիմ Պենզեման: