Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ կը ճակատի Մութթահետի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 16:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն եւ Ֆանարի ակումբէն մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքողները պիտի փոխադրեն մարզադաշտ:
Ինչպէս ծանօթ է, այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ: Հետեւաբար, որեւէ սխալ կամ սայթաքում անընդունելի է ՀՄԸՄ-ի համար:
Բոլորս միասին այսօր պիտի կերտենք ՀՄԸՄ-ի երկրորդ յաղթանակը` անոր ընդմէջէն երրորդին ձգտելու համար:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ Ռիատի-Պիպլոս երրորդ մրցումը:
Ռիատի 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Պիպլոսը` 73-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ երրորդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
ՀՄԸՄ այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Անդրանիկը:Մարի-Ճօ Ապու Ժաուտէ տիրացաւ ոսկի մետալի մը, ինչպէս նաեւ` պրոնզ մետալի:


