Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող Արաբական սուսերամարտի երիտասարդներու եւ կրտսերներու ախոյեանութեան, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով տիրացաւ մետալներու…:
Երիտասարդներու ախոյեանութեան մէջ, Լիբանանի խումբը հանդիսանալէ ետք փոխախոյեան, այլ մրցումներու մէջ գրաւեց նաեւ երրորդ դիրքը:
Խումբին մաս կը կազմեն Մարի-Ճօ Ապու Ժաուտէ, Նէյ Սալամէ (Մոն լա Սալ) եւ Ճենի Ամմար (Թաատոտ):
Անհատական մրցումներուն, Մարի-Ճօ Ապու Ժաուտէ տիրացաւ ոսկի մետալի մը, ինչպէս նաեւ` պրոնզ մետալի: