Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛ակնկալենք, Որ Մաքրոն Տէր Կը Կանգնի Իր Խոստումներուն» Կ՛ըսէ Փափազեան

Մայիս 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայերուն համար կարեւոր է, որ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը շարունակէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի աւանդութիւնը. «Թերթ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն Էմանուէլ Մաքրոնի յաղթանակին մասին ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան` յիշեցնելով, որ 24 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման օրը Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը իր նախորդին հետ համայնքի կողքին էր:

«Մեզի հետ ան խօսած է հայերուն համար կարեւոր նիւթերու մասին: Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած` մենք պէտք է միասին քննենք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ յաջորդ փուլը` հաշուի առնելով, որ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանը բեկանած է խորհրդարանի` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ որդեգրելու որոշումը: Միւս հարցը Հայաստանի հետ տնտեսական կապերը աշխուժացնելն է: Անոր ըսած ենք, որ ղարաբաղեան հիմնահարցը ի նպաստ հայկական կողմին թող լուծուի: Ինք կարծես համաձայն էր, սակայն շեշտը դրած էր անոր վրայ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը միակ ձեւաչափն է, որ կրնայ լուծել հիմնախնդիրը: Ինք պէտք է շարունակէ Ֆրանսայի ջանքերը, ճիգերը` դէպի խնդիրի հայամէտ լուծում: Բացի ատկէ, Մաքրոն մեզի խոստացաւ, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ պիտի ըլլայ», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով` վերոնշեալ ծրագիրներու իրագործման պարագային միայն Մաքրոնի ստացած պաշտօնը իրենց համար կրնայ դրական ըլլալ: «Մենք անոր հետ, անոր խումբին հետ պէտք է հետեւինք, որ Մաքրոնի պաշտօնավարութիւնը դրական ըլլայ հայերուն, Հայ դատին, Արցախին համար», յայտնած է ան:

Փափազեան նաեւ նշած է, թէ ինչպէս բոլոր ֆրանսացիները, ֆրանսահայերը եւս հետաքրքրուած են, որ Ֆրանսայի մէջ տնտեսական պայմանները լաւանան, որուն մասին այդքան կը խօսի նոր նախագահը: «Ես` իբրեւ երկրի տնտեսական զարգացման մասնակից, կը նկատեմ, որ նախագահը նոր ձեւեր, նոր մօտեցումներ ունի, բաւական լաւատես եմ այդ հարցին մէջ», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, հակառակ անոր որ Էմանուէլ Մաքրոն շատ սերտ քաղաքական եւ անձնական կապեր ունի Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, սակայն հայերուն նկատմամբ նոյն քաղաքականութիւնը պիտի չունենայ, բայց եւ այնպէս իր նախորդին շարունակականութիւնը պիտի ապահովէ:

«Մենք պիտի կարենանք թէ՛ իր, թէ՛ իր շրջապատին հետ արձանագրել դրական կէտեր», ըսաւ ան` նշելով, որ այնուամենայնիւ պէտք չէ դադրիլ աշխատելէ: «Շուկային մէջ կան այլ երկիրներ` Ազրպէյճան, Թուրքիա, Էրտողան… այդ երկու թշնամի երկիրները միջոցներ եւ լծակներ ունին», ըսած է ան:

Ակնարկելով այն նշումին, թէ Մաքրոնին աւելի կը հետաքրքրեն տնտեսական շահերը, թերեւս այս պայքարին մէջ մենք պարտութիւն կրենք, Մուրատ Փափազեան նշած է, որ բոլոր նախագահները միշտ ալ առաջնորդուած են տնտեսական շահերով:

«Բոլորն ալ իրենց տնտեսական կապերը զարգացուցած են այդ երկիրներուն հետ` Սարքոզին, Հոլլանտը զարգացուցած են: Մենք չենք ըսեր, որ անոնց հետ պէտք չէ յարաբերութիւններ ունենալ: Այդ մակարդակով չեն մեր պահանջները: Մենք կ՛ըսենք, որ բնական է, որ տնտեսական յարաբերութիւններ ըլլան, սակայն նաեւ բնական է, որ տէր կանգնին իրենց խոստումներուն, մենք ատիկա կ՛ակնկալենք: Մենք ունինք հինգ-վեց պահանջներ, անոնք պէտք է կատարուին, այդ պահանջները չեն հակասեր իրենց` Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններ զարգացնելուն», ըսած է ան:

Ըստ Փափազեանի, հայ համայնքին Էմանուէլ Մաքրոնի տուած յստակ խոստումները եղած են` Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ ըլլալը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աջակցիլը: «Մենք Ղարաբաղի պարագային բարձրացուցինք ինքնորոշման, միացման խնդիրները», ըսած է ան` նշելով սակայն, որ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու խնդիրին տակաւին չեն անդրադարձած: «Գլխաւոր կէտերուն մասին խօսած ենք, մանրամասնութիւններու մէջ տակաւին չենք մտած, յետոյ այդ խնդիրներուն համար պիտի աշխատինք Մաքրոնի շրջանակին հետ», ըսած է Փափազեան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, այժմ հայ համայնքին համար Ֆրանսայի մէջ լաւ պայմաններ կան, իբրեւ համայնք յարգուած ենք: «Պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Երեւակայեցէք, որ մենք մեր առջեւ ունինք երկու թշնամիներ, որոնք հսկայ պետութիւններ են, եւ հակառակ անոնց, մենք յաղթանակներ կ՛արձանագրենք», ըսած է ան:

Մաքրոնի Յաղթանակը Էրտողանին Յոյս Ներշնչած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան մէջ Էմանուէլ Մաքրոնի յաղթանակը Եւրոպայի ապագային նկատմամբ անոր յոյս ներշնչած է:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ Էրտողան արդէն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ճամբով շնորհաւորած է Մաքրոնը:

Ան մասնաւորաբար նշած է, որ Մաքրոնի յաղթանակը իրեն մեծ յոյսեր ներշնչած է, եւ յայտնած է թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները զարգացնելու իր պատրաստակամութիւնը:

Յայտնի է նաեւ, որ կողմերը համաձայնած են Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ժամանակ ունենալ իրենց առաջին առանձին հանդիպումը:

 

Նախորդը

Համախոհական Տարազի Մը Յանգելու Առաջադրանքով` Ընտրութիւնները Սեպտեմբերին Կայացնելը` Խիստ Հաւանական

Յաջորդը

Յաղթանակի Եռատօնը Արժանապատիւ Շուքով Նշուեցաւ Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?