Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաղթանակի Եռատօնը Արժանապատիւ Շուքով Նշուեցաւ Արցախի Մէջ

Մայիս 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք Մեր Կեանքն Ու Ազատութիւնը, Մեր Իրաւունքներն Ու Արժանապատուութիւնը Չենք Զոհաբերեր Եւ Պիտի Չզոհաբերենք»

Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ  Շուշի քաղաքներուն մէջ մասնակցեցաւ Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

9 մայիսի առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի զինուորականներու հանդիսաւոր քայլերթը, որմէ ետք պաշտօնական հիւրերը եւ ժողովուրդը ուղղուեցան Ստեփանակերտի յուշահամալիր-պանթէոն, ուր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան ծաղկեպսակներ զետեղեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:

Ներկայ էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահներ Աշոտ Ղուլեան եւ Գալուստ Սահակեան, Արցախի վարչապետ Արա  Յարութիւնեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, սփիւռքէն եւ արտերկրէն հասած հիւրեր:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:

Պետական այրերը այցելեցին նաեւ Շուշի, ուր նախ ծաղիկներ զետեղեցին Հրասայլ-յուշարձանի պատուանդանին եւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին վրայ:

Այնուհետեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները ներկայ գտնուեցան «Արուեստներու եւ արհեստներու քաղաք» ցուցահանդէս-տօնավաճառին եւ դիտեցին Շուշի քաղաքի Վազգէն Սարգսեանի հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգը:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին եւ անոր յարակից տարածքին վրայ 9 մայիսի առաւօտեան կազմակերպուած էր զէնքերու ցուցադրութիւն: Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ հիմնականօրէն ցուցադրուած էին հրասայլեր, արձակազէն զէնքեր, հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր:

Կէսօրին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ բակը տեղի ունեցաւ յաղթական շուրջպար:

Երէկ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու նախագահները Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ նշեց. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ. սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի եւ  խաղաղութեան տօնին առիթով:

Առաջին հերթին կը շնորհաւորեմ մեր վեթերանները, որոնց շարքերը, ցաւօք, տարուէ տարի կը նօսրանան: Այսօր մեզի համար գեղեցիկ առիթ է արտայայտելու մեր մեծագոյն յարգանքն ու հիացմունքը անոնց հանդէպ: Նաեւ առիթ է արտայայտելու մեր երախտագիտութիւնը այն հերոսական սերունդին նկատմամբ, որ անցաւ գերմարդկային փորձութիւններու մէջէն եւ մեր երկրին համար ապահովեց խաղաղ աշխատանքի եւ զարգացման հեռանկար:

Հայրենական մեծ պատերազմը ծանր քննութիւն էր աշխարհի բազում ժողովուրդներու, որոնց կարգին` հայ ժողովուրդին համար: Թէ՛ մեր ռազմիկները կռուի դաշտին վրայ, թէ՛ մեր աշխատաւորները թիկունք դարձած Հայաստանի մէջ, թէ՛ մեր հայրենակիցները սփիւռքի մէջ  պատուով բռնեցին այդ քննութիւնը: Ատիկա մեզի համար իրապէս դարձաւ Հայրենական մեծ պատերազմ: Մենք աշխատեցանք մեր ուժերուն չափով, իսկ երբեմն մեր ուժերէն վեր սխրանքներ գործեցինք` մօտեցնելով յաղթանակն ու բաղձալի խաղաղութիւնը:

1992 թուականի մայիսի 9-էն ետք այս տարեթիւը մեր ժողովուրդին համար ձեռք բերած է կրկնակի իմաստ: Շուշիի ազատագրումով ո՛չ միայն Ստեփանակերտը, այլեւ Արցախի ամբողջ ժողովուրդը փրկուեցաւ ֆիզիքական բնաջնջումէ: Հայ ռազմիկներու այս մեծագործութիւնը եւ անոր ամբողջական պատմական նշանակութիւնը այնքան ընդգրկուն են, որ տակաւին պիտի շարունակուին գնահատուիլ եւ վերլուծուիլ ուսումնասիրողներու կողմէ: Մէկ բան պարզ էր 9 մայիս 1992-ին եւ պարզ է այսօր. մենք մեր կեանքն ու ազատութիւնը, մեր իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը չենք զոհաբերեր եւ  պիտի չզոհաբերենք:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: Ասիկա մարդատեաց քարոզչութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարի ելածներուն եւ այդ պայքարին մէջ յաղթած հերոսներուն տօնն է: Անմահները մեր շարքերուն մէջ են, եւ ասիկա բոլորիս տօնն է:

Կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ ստեղծարար աշխատանք»:

Իսկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ. Հայրենական մեծ պատերազմի եւ արցախեան ազատամարտի թանկագի՛ն վեթերաններ, պաշտպանութեան բանակի յարգարժա՛ն զօրավարներ, սպաներ, զինուորներ, Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս ի սրտէ  կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 25-րդ տարեդարձին առիթով, փառաւոր յաղթանակներ, որոնք մեր ժողովուրդը կերտած է պատմութեան տարբեր քառուղիներու մէջ իր քաջ զաւակներուն  ցուցաբերած արիութեան, խիզախութեան, հայրենիքին նկատմամբ անձնուրաց սիրոյ շնորհիւ:

Մեր հերոս հայրերու եւ պապերու սխրանքը Հայրենական մեծ պատերազմին ընթացքին, անոնց ապրած կեանքը միշտ հպարտութիւն պարգեւած են եւ ուղենիշ հանդիսացած մեզի համար` առաջնորդելով դէպի նոր յաղթանակներ: Մենք ազատագրած ենք Շուշին` աչքի առջեւ  ունենալով անոնց հերոսական օրինակը, որ անսասան հաւատք ներշնչած է մեզի սեփական ուժերու եւ արդարութեան յաղթանակի հանդէպ, սորվեցուցած է ըլլալ տոկուն եւ հաստատակամ, մաքառող եւ նպատակասլաց:

Արցախեան ազատամարտը դարձաւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն յաղթանակներէն մէկը` լրացնելով մեր հերոսամարտերու շարքը:

Այսօր մենք հպարտ ենք կրկնակի, հպարտ ենք, որովհետեւ ունինք նաեւ արժանի հերթափոխ, անվեհեր երիտասարդներու սերունդ մը, որուն  համար հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւնը եւ հարազատ ժողովուրդի անվտանգութիւնը վեր են ամէն ինչէ: Անոնք մեծագոյն արժանապատուութեան զգացումով կը շարունակեն իրենց նախնիներուն  գործը` պատմութեան մէջ դրոշմելով անձնուիրութեան նոր օրինակներ:

Փա՜ռք ու պատիւ մեր բոլոր հերոսներուն:

Փա՜ռք ու պատիւ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած մեր նահատակներուն:

Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,

Այս տօնական օրուան առիթով ես կը շնորհաւորեմ մեր ամբողջ ժողովուրդը` Մայր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Մենք բոլորս միասին կերտած ենք մեր նուիրական Եռատօնը, միասին յաղթահարած ենք բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, միասին հարթած մեր յաղթական ուղին: Այդպէս եղած է եւ այդպէս պիտի ըլլայ ընդմիշտ:

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորիս եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ ամենայն բարիք»:

Նոյն առիթով Երեւանի «Յաղթանակ»-ի զբօսայգիին մէջ կազմակերպուած է ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուած են Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Պետութեան կառուցման ընթացքին իւրաքանչիւր յաղթանակ շատ կարեւոր է: Բոլորս պարտք ունինք մեր զինուած ուժերուն նկատմամբ, պէտք է մեր առաւելագոյնը կատարենք եւ յաջողինք տնտեսական մարզին մէջ, որպէսզի կերտուած յաղթանակները արժանապատիւ ձեւով յառաջ մղենք»:

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ի,
յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Նախորդը

«Կ՛ակնկալենք, Որ Մաքրոն Տէր Կը Կանգնի Իր Խոստումներուն» Կ՛ըսէ Փափազեան

Յաջորդը

Թենիս. Անտրէ Աղասի Շատ Հաւանաբար Նովաք Ճոքովիչի Մարզիչը Ըլլայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?