Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Եւ Ամերիկեան Բանակներու Հրամանատարները Կը Քննարկեն Սուրիոյ Եւ Այդտեղ Գործող Քրտական Ուժերու Հարցերը

May 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ թրքական «Սապահ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ բանակի հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքարի գլխաւորած թրքական պաշտօնական պատուիրակութիւնը ուրբաթ գիշեր հանդիպում ունեցած է ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտերու պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտի հետ:

«Սապահ» կը նշէ, որ Աքար, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան եւ Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն Ուաշինկթըն կ՛այցելեն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 15-16 մայիսին նախատեսուած այցելութեան ենթահողը պատրաստելու համար:

Զօր. Տանֆըրտի բանբեր Կրեք Հիքս ե-նամակի ճամբով հաստատած է հանդիպումին լուրը: «Անոնք երէկ հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ ապահովական կացութիւնը, ներառեալ (ՏԱՀԵՇ-ը) պարտութեան մատնելու արշաւը», գրած է օրաթերթին յղուած իր ե-նամակին մէջ:

Թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Աքար եւ Տանֆըրտ քննարկած են Իրաքի, Սուրիոյ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր:

Թուրք պաշտօնատարներ ըսած են, որ մտահոգ են քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն Սուրիոյ հիւսիսէն դէպի հարաւ` մեծամասնութեամբ արաբներով բնակուած շրջաններ յառաջխաղացքով: Ըստ անոնց,  Ռաքքայի մէջ քրտական ուժերու ներկայութիւնը առաւել եւս պիտի օրինականացնէ արաբական հողերուն նկատմամբ իրենց պահանջներն ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ ՔԱԿ-ի դերակատարութիւնը:

«Սապահ» կը նշէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ այսօր պիտի միանայ պատուիրակութեան: Վերջինս շաբաթ օր յայտնած էր, որ երկուշաբթի հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Ճեֆ Սեշընզի հետ` քննարկելու համար Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցը:

Թրքական օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ թրքական պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընէն հեռանայ երեքշաբթի օր:

Նախորդը

Շնորհաւորագիր` Շուշիի Ազատագրման 25-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Թրքական Դատարանը Մերժած Է Ջնջել «Ուիքիփետիա»-ի Արգելքը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.