ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք աշխուժացնել ձեր պաշտօնակիցները, երբ տեսնէք, թէ անոնք տկարացած են իրենց սննդականոնին մէջ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գացէք եւ այցելեցէք այն տեղերը, ուր սովորութիւն չունիք երթալու: Ասիկա լաւ իրագործում մըն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ծրագիրները իրականացնելու համար ձեր ընտանիքը չի քաջալերեր ձեզ: Ասիկա սխալ մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արգելք մը չկայ անոնց համար, որոնք ճամբայ պիտի ելլեն շոգեկառքով կամ ինքնաշարժով: Օրը ուրախ պիտի անցնի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործերը լաւ են, ձեր հաշիւները ճիշդ են. տակաւին ժամանակ պիտի ունենաք տարբեր գործեր ընելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սիրոյ մարզին մէջ յաջողութիւն պիտի ունենաք: Ձեր մէջ պիտի գտնեն անդիմադրելի հրապոյր մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակն է չափաւորելու ձեր սննդականոնը` հրաժարելով իւղոտ եւ շաքարոտ ուտելիքներ սպառելու: Հաւատարիմ մնացէ՛ք այս կանոնին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հեռատեսիլին առջեւ շատ մի՛ կենաք: Գտէք ձեր բարեկամները եւ գացէք շարժանկար դիտելու, կամ ալ` ճաշարան մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք տնային արկածներու նկատմամբ: Այս կը վերաբերի ամբողջ ընտանիքին, մանաւանդ անոնց, որոնք ձեռային աշխատանք կը կատարեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի սորվիք հանգստանալու նոր կերպեր, որ ձեզ դուրս պիտի բերէ ձեր հոգեկան ընկճուածութենէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անկարելին մի՛ պահանջէք, փորձեցէք ըլլալ իրապաշտ, բնականոն ընթացքով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընդհանրապէս շատ զգուշ էք որոշ հարցերու նկատմամբ. ասիկա թոյլ չի տար ձեզի, որ ուրիշներու մօտենաք: