ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր փափաքը չունինք Մայիս 1-ի առիթով պարտէզներ պտոյտի երթալու, այլ պիտի նախընտրէք այցելել ձեր բարեկամներուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամներ գտնելու առիթը պիտի ունենաք, եւ միասին պիտի անցընէք ձեր օրը: Ուշադիր եղէք ձեր յարաբերութեան մէջ եւ քաղաքականութեամբ վարուեցէք ձեր բարեկամներուն հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի տօնն է, մանաւանդ ձեր աշխատանքի տօնը, նոր հարցեր կը ստեղծէ ձեզի համար: Մտածեցէք ապագայի ձեր ծրագիրներուն մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լարուած մթնոլորտ կայ ընտանիքին մէջ, օրը բարեփոխելու համար բնութեան մէջ օր մը անցուցէք եւ զուարճացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր ճիշդ ձեր երազած օրը չէ, որովհետեւ ունիք կարգ մը մտահոգութիւններ, զորս պէտք է փարատէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր թեթեւ տօնական օր է, բայց ափսոս դուք ունիք կատարելիք ուրիշ գործեր, որոնք չեն յետաձգուիր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր ձեր օրը շատ երկար պիտի չըլլայ դուք ձեզ խնամելու համար: Ի՞նչ լաւ կ՛ըլլար եթէ ամէն շաբաթավերջ երեք օրեր ըլլային:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիք ունեցող մարդոց ձեռք պիտի երկարէք: Ձեր վեհանձնութիւնը պիտի գնահատուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Փողոցի մէջ այսօր ծաղիկ ծախելը լաւ գաղափար է, որով կրնաք ձեր գրպանի ծախսը հանել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գարնանային ծաղիկներու ժամանակը եկած է: Հին երգ մը պիտի վերյիշէք եւ միշտ պիտի կրկնէք զայն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տրամադրութիւնը եւ առողջութիւնը լաւ չէ: Դուրս ելէք, ծաղիկ գնեցէք եւ մտածեցէք լաւ օրերու մասին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ նուիրէք փունջ մը ծաղիկ, որ ըլլայ 13 հատ, դուք շատ գեղեցիկ մաղթանք մը կատարած կ՛ըլլաք անոր, որուն ծաղիկը կը նուիրէք:
