Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Կոմիտաս կը համարուի ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրը: Պատմամշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն անոր հաւաքած երաժշտական բանահիւսութեան նմուշները` հորովելներու եղանակները, «Սասունցի Դաւիթ», «Մոկաց Միրզա» վիպական ասերգները, անտունիները, հոգեւոր տաղերը, 4000 գեղջկական երգերը…
Կոմիտաս վարդապետ ծնած է 26 սեպտեմբեր 1869-ին Քոթահիա (Կուտինիա) եւ մահացած` 22 հոկտեմբեր 1935-ին, Փարիզի Վիլ-Ժուիֆ արուարձանի հիւանդանոցին մէջ: 2015-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին: Անիկա կառուցուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ գտնուող նախկին մշակոյթի պալատի հիման վրայ:
Մեծ երաժիշտին կեանքն ու գործունէութիւնը, երաժշտական-տեսական եւ հոգեւոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ բանահաւաքական հարուստ ժառանգութիւնը ամփոփուած են թանգարանի 8 սրահներուն մէջ:
Ստորեւ` Կոմիտաս վարդապետին կեանքը պատմող հետաքրքրական իրեր:
Դաշնամուրը
1907 թուականին հայ նշանաւոր գործարար եւ բարեգործ Ալեքսանդր Մանթաշեան Կոմիտասին կը նուիրէ թանկարժէք դաշնամուր մը` «Շրոտըր» ռոյալ մը: Մինչ այդ երաժիշտը կ՛աշխատէր աւելի սահմանափակ հնարաւորութիւններով նուագարանով մը:
Նոյն օրերուն վարդապետը ուզեց իր ուրախութիւնը կիսել մտերիմներուն հետ: Երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին յղուած նամակով մը Կոմիտաս կը գրէ. «Այժմ տանս մէջ «Շրոտըր» մեծ դաշնամուր ունիմ: Դուք կը զգա՞ք իմ ուրախութեան չափը, երբ առաջին անգամ դաշնակը հարա-հրոցով սենեակ բերելէ, սարքելէ, մարդոց ճանապարհ դնելէ յետոյ մինակ մնացի: Աչքերուս չէի հաւատար, որ վերջապէս ես ալ մարդահաշիւ եմ, ես ալ հնարաւորութիւն ունիմ աշխատելու, դարձեալ` աշխատելու: Ուրախութենէս քարացեր էի, ապա արտասուքի հեղեղը սկսաւ գլորիլ աչքերէս, ես ալ, սիրտս ալ, միտքս ալ, կեանքս ալ հանգստացան, որ այժմ աշխատելու միջոց ունիմ եւ ան ալ` անհրաժեշտ միջոց»:
Արծաթեայ Գրչակալը
Բիւրեղապակեայ թանաքամանով արծաթեայ գրչակալը Կոմիտասին նուիրած են իրմով հիացողները` 1908-ին Պաքուի համերգներէն մէկու ընթացքին: Գրչամանին վրայ գրուած է. «Հայ Ժողովրդական երգերուն հոգի տուող խոհուն երաժշտագէտ հայր Կոմիտասի վարդապետին` անոր գեղարուեստական տաղանդը գնահատողներուն կողմէ»:
Բանահաւաքական Տետրերը
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են նաեւ մեծ երաժիշտին բանահաւաքական տետրերը: Անոնց վրայ առաջին ակնարկ մը` եւ կարծէք օտար լեզուով գրուած տառեր ըլլան: Իրականութեան մէջ անոնք հայկական նոր նոթագրութիւն են` Լիմոնճեան Համբարձումի ստեղծագործութիւնը (1813), որ ըստ Կոմիտասին, աւելի գործնական է եւ դիւրին կիրարկելի:
Սրինգները
Եղէգէ, մետաղէ եւ ծիրանի փայտէ սրինգները Կոմիտասի անբաժան նուագարաններն էին: Փարիզի մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին այս սրինգներէն մէկով ան կը նուագէ եւ ամբողջ լսարանը կը քարանայ: Ոչ ոք կը ծափահարէ, եւ Կոմիտասը կը կարծէ, որ ելոյթը անյաջող էր: Կարճ ժամանակ անց դահլիճը կը թնդայ ծափահարութիւններէն, որմէ ետք ֆրանսացի նշանաւոր երգահան, երաժշտական քննադատ Քլոտ Տըպիւսին կը մօտենայ Կոմիտասին, ծունկի կու գայ եւ կ՛ըսէ. «Կը խոնարհիմ ձեր երաժշտական հանճարին առջեւ»:
«Եթէ Կոմիտասը գրէր միայն «Անտունի»-ն, այդ ալ բաւարար կ՛ըլլար զայն մեծ արուեստագէտ համարելու», ըսած է Տըպիւսին:
Գորգը
Գորգը գոյութիւն ունեցած է Կոմիտասի ծնունդէն շատ առաջ: Կոմիտասի մայրը` Թագուհին, զայն բերած էր հայրական տունէն` որպէս օժիտ: Կոմիտաս մայրը կորսնցուցած է, երբ ընդամէնը 6 ամսու էր: Իր տեղափոխութիւններուն ժամանակ վարդապետը միշտ իրեն հետ կը տանէր մօրը գորգը:
Սափորը
Սափորը կը խորհրդանշէ Կոմիտասի ծննդավայրը` Քոթահիան: Սափորի պատրաստման այս եղանակը Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն իրենց հետ բերեր են Կոմիտասի նախնիները:
Փ. Թերլեմեզեանին Կտաւը
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուած է Փանոս Թերլեմեզեանին կտաւը` Կոմիտասը նստած` իր մօր գորգին վրայ, կողքին` սափորը:
Կտաւը պատրաստուած է 1913-ին, երբ երկու ընկերները` Կոմիտասն ու Թերլեմեզեանը կը գտնուէին երաժիշտին ծննդավայրը Քոթահիա. հոն Կոմիտաս կը զբաղէր թրքերէն երգեր նոթագրելով:
Գերմաներէն Եւ Թրքերէն Խմբերգներ
Գերմաներէն գրուած խմբերգը Աստուածաշունչի «Առ գետս Բաբելացւոց» Սաղմոսի հիման վրայ է: Ասիկա Կոմիտասի աւարտաճառն էր, գրուած` 1899-ին: Ան ստեղծագործելու ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր լեզուի շեշտադրութեան, կշռոյթին վրայ:
Թրքերէնով խմբերգը կը կոչուէր «Ես երկաթ եմ»: Կոմիտասը կապ ունեցած է թուրք մտաւորականներու հետ, անձնական դասեր տուած է անոնց: Այս մտաւորականներէն մէկն ալ Մեհմեթ Էմինն էր, որուն ստեղծագործութեան հիման վրայ գրուած էր խմբերգը:
Հետագային Մեհմեթ Էմինը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Կոմիտասը աքսորէ վերադարձնելու նպատակով ազդեցիկ մարդոց ի գործ դրած ջանքերուն մէջ:
«Հայր Մեր»-Ը
Սեփական ժողովուրդին կոտորածը տեսած վարդապետը «Հայր Մեր»-ը գրած է 1915-ին: Ասիկա անոր վերջին ստեղծագործութիւններէն մէկն է: Շատ խորհրդանշական է, որ անիկա գրուած է մանուկներու համար եւ նուիրուած` բոլոր այն երեխաներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերը դարձած են:
Կոմիտաս Ըսած Է…
Ժողովուրդն է ամենամեծ ստեղծագործողը, գացէ՛ք եւ սորվեցէ՛ք անկէ:
***
Ժողովուրդի երգեցողութիւնը ունի ինքնուրոյն դպրոց, ուր դաս կ՛առնեն ամէնքը, ամէն անգամ որ կարիքը զգան:
***
Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ կը սնուցանէ ոգին իր իսկ ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին:
***
Հայն ունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն… Իւրաքանչիւր ազգի երաժշտութիւնը իր ազգի հնչական ելեւէջներէն կը ծնի ու կը ծաւալի: Հայ լեզուն ունի իր յատուկ հնարաւորութիւնը, ուրեմն եւ` համապատասխանող երաժշտութիւնը:
***
Հայ ժողովուրդի զաւակնե՛ր, դուք կարդացէք Խորենացի, Եղիշէ, Նարեկացի, Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Ալիշան, Պէշիկթաշլեան եւ տեսէք, թէ ո՛վ ենք մենք:
***
Մեր ժողովուրդը քարոզ չի հասկնար. մէկ հասկցուած ձայնը հազար ճառ կ՛արժէ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Դո՜ւ – Վարդապե՞տ:
Դու Ամենայն Հայոց Երգի Վեհափառն ես,
Դու` մեր երգի Մեսրոպ Մաշտոց,
Գիրն ու տառն ես Հայոց երգի:
Հայոց երգի
Անծիր հերկի
Ե՛ւ ակօսն ու խորունկ առն ես,
Ե՛ւ մատնընտիր սերմը նրա,
Ե՛ւ խոստումը գալիք բերքի…Եւ ծիրանի մեր այն ծառն ես,
Որ ինչքան էլ ճղակոտոր`
Շտկըւել է ու բար տուել,
Ու… մեր դարդը իրար տուել…Եւ հայրենի այն ծիծառը,
Որ յաւիտեան բոյն է դրել
Մեր հոգու մէջ,
Մեր կիսաւեր ու դեռ կանգուն տաճարների
Ու մեր երկնի գմբէթի տակ…Դու` մեր տաւիղ,
Եւ քո լարը
Մինչեւ անգամ եւ հատուելիս
Հայերէն է նորից ճնգում:Դու` մեր սրտի ձայնալարը,
Մինչեւ անգամ վհատուելիս
Հայերէն ես դարձեալ տնքում…Դու ես քարը
Եւ սրբատաշ մեր պատշարը.
Հացը օրուայ
Եւ նեղ ժամի մեր պաշարը.
Մեր փակ հոգին, բաց աշխարհը,
Սրբագործուած մեր նշխարը.
Եւ մեր ճարը`
Օտարամուտ ախտի դիմաց.
Խնկածաւալ մեր տաճարը`
Օտարահոտ աղտի դիմաց.
Վերադարձի մեր պատճառը`
Մեր հարկադիր գաղթի դիմաց.
Համահաւաք մեր հանճարը`
Ազգասըփիւռ բախտի դիմաց…Դու մեր հաստատ Մասիս սարը`
Վստահելի թիկունքն ես մեր,
Մեր երգերի Ծովասարը
Ու բիւրակեան ակունքն ես մեր,
Մեր արնոտուած հաւքի լեզուն,
Մեր կարօտած ֆիդան եարը,
Մեր լեփլեցուն հոգիների ձայնատարը,
Մեր երգերի խա՛զը-նոտա՛ն-ձայնատա՛ռը,
Ձայնասըփի՜ւռը կենդանի
Ու ձայների թանգարա՛նը,-
Մեր հայկական երգարա՜նը…
Արտը մեզնից` դու ես մաճկալ,
Յարդը մեզնից` ցորենը դու,
Հարթը մեզնից` կատար դու սէգ.
Լուրթը մեզնից` երկինքը դու,
Շուրթը մեզնից` դու համբոյրը,
Ցուրտը մեզնից` իսկ դու` կրակ,
Իսկ դու` օջախ,
Իսկ դու` թոնիր…Եւ մեզանից արդ ընդունիր
Երախտիքի այս խաչբո՜ւռը,
Այս խաչբուռը` քո՛ իսկ հերկի:Ընդունիր դո՜ւ, դո՛ւ` մեր երգի
Մշտահնչուն նուագարան.
Ընդունիր դո՛ւ` մեր ցաքուցիր
Մասունքների հաւաքարա՜ր.
Դու` խազերի մեր քերական,
Դու` հոգեւոր մեր շարական.
Դու` սրբազան մի աւազան,
Որ մեր հոգին ախտահանեց.
Դու` բիբլիական մի գաւազան,
Որ ուր դիպաւ` աղբիւր հանեց.
Դու մեր կարօտ ու մեր մորմոք,
Մեր տաղի քուրմ,
Մեր խաղի մոգ,
Մեր մշտահունչ ու մշտարթուն,
Անլռելի զանգակատո՜ւն…Պ. ՍԵՒԱԿ