Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԵՀՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ

October 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Աքպար Սալեհի

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ Թեհրան պատրաստ է Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի ահաբեկման ծրագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ամբաստանութիւնները քննարկելու:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Սալեհի յայտնած է. «Մենք պատրաստ ենք հարցը հանդարտութեամբ քննարկելու, թէեւ արհեստական ձեւով մը արծարծուեցաւ, եւ մենք Միացեալ Նահանգներէն պահանջեցինք մեզի անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրամադրել»:

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Թեհրան Ուաշինկթընէն պահանջած է դեսպանին դէմ մահափորձի հարցով ձերբակալուած իրանցի-ամերիկացի Արպապ Սիարին իրանեան հիւպատոսարանին կողմէ այցելութիւն արտօնել: Իրան ամերիկեան կառավարութեան ուղղուած նամակ մը յանձնած է Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերը հոգացող Զուիցերիոյ դեսպանատան գործավարին:

Միւս կողմէ, թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա դիւանագէտներէ կազմուած յատուկ պատուիրակութիւն մը ուղարկած է Թուրքիա` համոզելու համար, որ Անգարա միանայ հակաիրանեան ճակատին:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն ներկայիս յատուկ ծրագիր կը մշակէ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դէմ մահափորձի ծրագիրին հարցով Թեհրանի դէմ ճնշումներ գործադրելու, եւ Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէ, որ Թուրքիա եւս այդ ծրագիրին մասնակցի:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ տեղեկահաւաքի յանձնախումբի նախագահ Տայան Ֆինշթայն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բախումէ մը զգուշացուց:

 

 

Նախորդը

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԻՐԱՆԵԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.