Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

October 18, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ կառավարութիւնը վերապահութիւն յայտնեց կիրակի օր Սուրիոյ հարցով Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին ընթացքին 15 օրէն Գահիրէի մէջ Սուրիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու եւ Քաթարի գլխաւորութեամբ Սուրիոյ հետ կապի արաբական նախարարական յանձնախումբի մը կազմութեան վերաբերեալ որդեգրուած որոշումին նկատմամբ:

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լիկային մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Եուսեֆ Ահմետ այդ որոշումին վերաբերեալ իր երկրին վերապահութիւնը յայտնած է` մերժելով արտասահմանի մէջ ազգային երկխօսութիւն կատարելը` նշելով, որ Սուրիա անկախ եւ գերիշխանութեան տէր պետութիւն մըն է, որ կը ղեկավարուի օրինական իշխանութեան մը կողմէ, եւ այդ իշխանութիւնը կրնայ երկրին բոլոր հարցերը կառավարել: Սուրիա նաեւ վերապահութիւն յայտնեց Սուրիոյ հարցով արաբական նախարարական յանձնախումբի ղեկավարութիւնը Քաթարի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին վստահելու քայլին նկատմամբ` նշելով, որ Քաթար Սուրիոյ իրադարձութեանց հարցով մագլցումի մղելու, Սուրիոյ դէմ հրահրելու եւ իրադարձութիւնները աղաւաղելու քաղաքական եւ տեղեկատուական ժխտական դերակատարութիւն մը ունի:

Սուրիական լրատուամիջոցները իրենց կարգին Արաբական լիկայի որոշումը քննադատեցին` զայն նկատելով «հոգատարութիւն» մը, զոր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը փորձէ Սուրիոյ վրայ հաստատել:

Ըստ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական ընդդիմութիւնը եւս մերժած է Արաբական լիկայի որոշումը:

 

Նախորդը

ՄԻՆՉ ԼԻՊԸՐՄԱՆ Կ՛ԸՆԴԴԻՄԱՆԱՅ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ԴԺՈՒԱՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Յաջորդը

ԹԵՀՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.