Ֆրանսայի հայ համայնքը նախագահական ընտրութեան մէջ ոեւէ թեկնածուի աջակցելու որոշում չունի: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:
«Հայ համայնքը ոեւէ թեկնածու պիտի չպաշտպանէ: Իւրաքանչիւրը իր կամքին համեմատ պիտի քուէարկէ այն թեկնածուին, որուն կ՛ուզէ: Համայնքի խորհուրդը այն նոյն մօտեցումը կը ցուցաբերէ, ինչպէս նախապէս: Հայ համայնքին մէջ կան բազմաթիւ միութիւններ, կուսակցութիւններ, ամէն մէկը ինք պիտի որոշէ որո՛ւն ձայն տալ: Ի դէպ, նոյն մօտեցումը կայ նաեւ հրեաներու, յոյներու եւ այլ ազգերու համայնքներուն մէջ», ըսած է Յարութ Մարտիրոսեան:
Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի դիրքորոշումին, ապա ան նշած է, որ կուսակցութիւնը առաջին փուլին ոեւէ թեկնածուի պիտի չաջակցի: ՀՅԴ-ն պիտի սպասէ երկրորդ փուլին, երբ յստակ պիտի դառնայ, թէ առաջադրուած ո՛ր թեկնածուները յաղթահարած են անցողիկ շեմը:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներու քարոզարշաւին, ատոր մէջ հայկական հարցերու շեշտադրման` Մարտիրոսեան նշած է, որ առանձնապէս նոր շեշտադրումներ չկան:
«Հայերուն հետ կապուած շեշտադրումները շատ քիչ են: Կարծես թէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուները այլ հարցերու վրայ կը դնեն շեշտը: Սակայն, ընդհանուր առմամբ, բոլոր թեկնածուներն ալ դրական տրամադրուած են հայերուն նկատմամբ եւ կը նշեն, որ պիտի աշխատին շարունակելու այն գործը, քաղաքականութիւնը, որ կար մինչեւ հիմա», ըսած է ան:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ 23 ապրիլին: Նախագահի աթոռին համար կը պայքարին 11 թեկնածուներ: Յարութ Մարտիրոսեան նշած է, որ քանի մը թեկնածուներ ունին կարելիութիւն յաղթահարելու անցողիկ շեմը եւ յայտնուելու երկրորդ փուլին մէջ, մասնաւորաբար Ֆրանսուա Ֆիյոնը, Պենուա Ամոնը, Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Մարին Լը Փենը: Նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 7 մայիսին:
Միւս կողմէ, վերջերս կատարուած հարցախոյզներ ցոյց տուին, որ թեկնածուներու միջեւ մրցակցութիւնը սրած է, իսկ ելեւմտական շուկային մէջ գոյութիւն ունի մտահոգութիւն Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէ եւ եւրոյէն հրաժարիլ խոստացած ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան թեկնածու Լը Փենի ժողովրդականութեան աճին նկատմամբ: Ներդրողները նաեւ մտահոգ են արմատական ձախակողմեան թեկնածու Ժան Լիւք Մելանշոնի ժողովրդականութեան աճէն:
ԻՖՈՓ-ի (Հասարակական կարծիքի ֆրանսական հիմնարկ, «Ա.») կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, թէ Լը Փեն ընտրութեան առաջին փուլին պիտի ստանայ քուէներուն 23,5 առ հարիւրը` մէկ կէտով գերազանցելով կեդրոն-աջի թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնը:
Լը Փենի եւ Մաքրոնի ժողովրդականութիւնը կէս կէտի նահանջ մը արձանագրած է բաղդատմամբ երեքշաբթի օր կայացած հարցախոյզի արդիւնքներուն, իսկ պահպանողական Ֆրանսուա Ֆիոնի ժողովրդականութիւնը կը մնայ 19 առ հարիւրի վրայ, իսկ Համայնավար կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող Մելանշոնի ժողովրդականութիւնը` 18,5 առ հարիւրի վրայ:
 
			


