ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տարեդարձ մը պիտի տօնէք խանդավառութեամբ: Այս իմաստով դուք ձեզ ծերացած մի՛ զգաք, այլ մնացէք յուսալիր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքը կը դատէք խստօրէն: Երբ յաջողութեան հասնելու համար փառասիրութիւնը ստիպողական ըլլայ կը ձախողիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օտար լեզու մը սորվելու համար պէտք է որ հետեւիք խօսակցական դասընթացքներու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի գիտնաք, որ ձեր ճամբորդութիւնը շատ սուղ պիտի արժէ, ձեր նախատեսածէն աւելի. վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բանակցութեան մը ընթացքին ձեր ներկայացուցած առաջարկները պիտի չ՛ընդունուին: Հետեւաբար պէտք է քիչ մըն ալ համբերէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի չկարենաք նախաձեռնութիւն կատարել աշխատանքի մէջ, ուր ձեր տրամադրութիւնը ցած է: Ոչինչ կրնաք փոխել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նախասիրութեան մը կիրարկումը օրէնք կը պահանջէ: Հաճոյքը եւս կը պահանջէ որոշ տրամադրութիւն: Արթո՛ւն մնացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ապահարզանի կամ բաժանումի կացութիւն մը պիտի մթագնէ ձեր փայլուն երկինքը: Ուշադիր եղէք ձեր հարցերը քննարկելու միջոցին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երեխաները պէտք չէ մասնակցին մեծերու մտահոգութիւններուն: Աւելի գաղտնապահ եւ խոհեմ եղէք մանուկներուն քով խօսելու միջոցին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շուտով պիտի զղջաք անօգուտ գնում մը կատարած ըլլալու պատճառով: Պէտք է զսպէք ձեր ծախսելու փափաքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դրական դէպքի մը պիտի յաջորդէ ուրիշ ուրախ երեւոյթ մը, որ ձեզ պիտի զարմացնէ եւ ուրախացնէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք տրամադրութեան անկումի մը պարագային: Այս ընդհանուր յոգնութեան նշան մըն է, պէտք է լաւ մտածէք այս մասին եւ ուրիշներէն խորհուրդ հայցէք: