Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատկուան Յարդարանք . Զատկուան Մթնոլորտ

Ապրիլ 13, 2017
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քանի մը օրէն Ս. Զատիկ է. վստահաբար շատ մը տուներ արդէն զատկուան մթնոլորտի մէջ են, իսկ բոլոր անոնք, որոնք տակաւին առիթը չեն ունեցած իրենց տունը յարդարելու, ահաւասիկ` քանի մը հետաքրքրական գաղափարներ, որոնց իրականացումը քիչ մը ճարտարութիւն եւ համբերութիւն կ՛ենթադրէ:

Տան դրան յարդարանք

Հովանոց մը, փունջ մը ծաղիկ, ժապաւէն մը եւ քանի մը արհեստական հաւկիթ եւ ահա կը ստացուի շատ գեղեցիկ յարդարանք մը եւ ձեր մուտքի դուռը կը ստանայ հիւրընկալ տեսք մը:

Դրան յարդարանքի մէկ այլ տարբերակն է զատկուան պսակը, որուն պատրաստութեան համար պէտք ունիք պսակի մը, արհեստական գունաւոր հաւկիթներու եւ քանի մը դալար ճիւղի:

Զատկուան սեղանի յարդարանք

Այս շատ պարզ սեղանի յարդարանքը իրականացնելու համար պէտք ունիք նարկիզ ծաղիկներու, խաշած, բայց ոչ նախշուած ճերմակ եւ սրճագոյն հաւկիթներուն:

Պատի յարդարանք

Ձեւաւոր ճիւղ մը եւ մեծ թիւով արհեստական հաւկիթներով քանի մը ժամուան ընթացքին կրնաք իրականացնել այս գեղեցիկ յարդարանքը:

Զատկուան կողովը

Գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ է… Ձիթենիի քանի մը տերեւ եւ դաշտային ծաղիկներ բաւարար են ձեր նախշուած հաւկիթները զարդարելու համար արծաթեայ կամ բիւրեղեայ ամանները չեն, որ միշտ կը ճոխացնեն սեղանները, երբեմն եղէգն ու ծղօտը աւելի բնական ու գեղեցիկ են սեղանը զարդարելու համար:

 

Բնական Նիւթեր Զատկուան
Հաւկիթները Ներկելու Համար

Շատերուն կը թուի, թէ հաւկիթ ներկելու ժամանակ իրենց գործը հաւկիթի կեղեւին հետ է, մինչդեռ վերջինս շատ բարակ է եւ նուրբ, իսկ ներկերուն մէջ առկայ վտանգաւոր նիւթերը կրնան դիւրաւ ներթափանցել եւ թունաւորումներ պատճառել:

Քիմիական ներկերը նախընտրելի է օգտագործել  պարպուած, փայտեայ կամ կաւէ հաւկիթները ներկելու համար, քանի որ ասոնք զարդարանքի կը գործածուին: Իսկ ուտելու հաւկիթները գունաւորելւ համար յանձնարարելի է օգտագործել աւանդական ձեւեր եւ բնական ներկանիւթեր, քանի որ զանոնք ուտողներուն առողջութիւնը եւ անվտանգութիւնը աւելի կարեւոր է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք բնական ներկանիւթեր, որոնք անկասկած պիտի գոհացնեն ձեզ:

Օգտակար Խորհուրդներ

Որպէսզի հաւկիթները լաւ գոյն ստանան, պայման է օգտագործել միայն ճերմակ տեսակները:

Հաւկիթները ներկելէ առաջ անհրաժեշտ է զանոնք լուալ կամ մաքրել քացախով, որպէսզի գոյները ջինջ եւ յատուկ ըլլան:

Հաւկիթները ներկելէ ետք պէտք է զանոնք շփել ձէթով` գոյները աւելի վառ դարձնելու եւ փայլք տալու համար:

 

Բնական Ներկանիւթերը

Դարչնագոյն հաւկիթներ ստանալու համար օգտագործել լուծուող սուրճը:

Կանաչ գոյն ստանալու համար օգտագործել շոմինի թարմ տերեւները:

Վարդագոյն հաւկիթներ ստանալու համար օգտագործել ճակնդեղը:

Նարնջագոյն հաւկիթներ ստանալու համար օգտագործել սաֆրանը:

Կապոյտ գոյն ստանալու համար օգտագործել կարմիր կաղամբի տերեւները:

Դարչնակարմիր գոյն ստանալու համար օգտագործել կարմիր սոխի տերեւները:

Նշենք, որ դուք պիտի ստանաք ոչ վառ, այլ մեղմ գոյներ, որոնց վրայ ըստ ճաշակի զարդարանքներ կրնաք աւելցնել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Զատիկը թէ՛ երգերու, թէ՛ պարերու եւ թէ՛ խաղերու ստեղծագործութեան մեծ հնարաւորութիւն կու տար: Յանպատրաստից, անպաճոյճ երգերը, որոնցմով մայրերը կը շնորհաւորէին իրենց զաւակները, զաւակները` ծնողները, պարերգները, որոնք կը ծնէին տղոց եւ աղջիկներու մրցակից պարող խումբերու միջեւ, ժողովրդական բանահիւսութեան գեղեցիկ նմուշներ են:

Ահա օրինակ, ինչպէս մայրը կը շնորհաւորէր որդու Զատիկը:

Ա տղայ, տղայ,
Դու ալ կպաւոր,
Ղռմզի շալ կապաւոր,
Դու իմ հայոց թագաւոր,
Բոթլով գինի խտուրն
Ասամանի կապաւոր,
Քո Զատիկը շնորհաւոր:

Այս երգն ալ դստեր ուղղուած է:

Օվսաննա ջան Օվսաննա,
Ուրախ Զատիկ լուսանայ,
Բաբիդ գայ Հնդստանա,
Բեռներ բերի քաթանայ,
Քաթան դոշագ տակիտ է,
Զառ թակալէն հագիտ է:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1967)

Յաջորդը

Նոր Սկիզբը Խորհրդարանական Կարգով

RelatedPosts

Ընթերցանութեան Սէր Ձեւաւորելու Արդիւնաւէտ Միջոցներ
Կնոջական

Ընթերցանութեան Սէր Ձեւաւորելու Արդիւնաւէտ Միջոցներ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը
Կնոջական

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ
Կնոջական

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?