Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սկիզբը Խորհրդարանական Կարգով

Ապրիլ 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն շաբաթ մը ետք հանդարտ սպասողականութիւն կը տիրէ քաղաքական հարթակի վրայ: Քաջալերելի պէտք է համարել նման քաղաքական անդորրութիւն: Այս կացութիւնը վստահաբար կը թելադրէ թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը ձեռնարկած են

նախապատրաստական աշխատանքներու` դիմակալելու պետական ու կառավարման համակարգի բարեփոխման մարտահրաւէրները, որոնց համար անհրաժեշտ եւ բարւոք լուծումները երկար ատենէ ի վեր կը խուսափին մեզմէ:

Անշուշտ, անպայման կը գտնուին մարդիկ եւ ուժեր, որոնք հասկնալի պատճառներով չբաժնեն բարեփոխումներու իրագործման հաշուոյն կատարուած այս լաւատեսութիւնը: Նման յոռետեսութիւն բնական է, երբ նկատի ունենանք մեր նորանկախ հանրապետութեան ղեկավարման դառն փորձառութիւնները:

Նոյնինքն խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները անխուսափելիօրէն կը ներշնչեն յոռետեսութեան ու նուազ ակնկալութիւններու տրամադրութիւններ եւ զգացումներ: Ոչ միայն քաղաքական հաշուարկները, այլեւ քաղաքական բնազդը կրնան խստօրէն թելադրել նման ժխտական վերաբերմունք: Ընտրութիւններու աւարտին արդիւնքներու համայնապատկերը շատ յստակ էր: Ժողովուրդը իր խօսքը ըսաւ: Սակայն աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ կարգ մը ուժեր, ի գին օրինախախտումներու, իրե՛նք այդ խօսքը ըսել տուին ժողովուրդի մեծամասնութեան:

Այս բոլորով հանդերձ, գոյութիւն ունի քաղաքական գերակշռող իրողութիւն մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ երկիրը ուղղելու դէպի պետական եւ համակարգային բարեկարգման ճանապարհ: Այսօր նոր եւ հիմնական փոփոխութիւն մը կատարուած է հայրենի քաղաքական ու պետական կեանքին մէջ: Հայաստանը ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հանրապետութիւն է: Ասիկա թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ազգային իրականութիւն մըն է հիմա, որ կը պարտադրէ խորհրդարանին մէջ թէ անկէ դուրս գտնուող բոլոր ուժերուն` ընթանալ ըստ այնմ եւ ըստ կառավարման ոճային, մտային եւ աշխատանքային բարեփոխման:

Խորհրդարանական կարգը այն նոր սկիզբն է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը առաջադրեց ու խոստացաւ իր ընտրական ծրագրով եւ ընտրարշաւի լուսաբանումներով: Կենսական իրողութիւն է այս նոր սկիզբը: Թերեւս ներկայիս շատերու համար դժուար է խորաչափել կառավարման բարեկարգումին անոր բերելիք կենսական նպաստները: Բայց, ժամանակի ընթացքին, խորհրդարանական քննարկումներու ճամբով, բարերար օրինագծերու որդեգրումով, աստիճանաբար պիտի անդրադառնան եւ համոզուին բոլոր ուժերը, թէ ճիշդ ու անհրաժեշտ էր այս նոր սկիզբը` ի սէր մեր ժողովուրդի բաւարարման եւ ի խնդիր մեր պետական կառավարման բարելաւումին:

Պէտք է անդրադառնալ, ինչպէս նաեւ պէտք է գործել այն գիտակցութեամբ, որ հայրենի խորհրդարանը պիտի ըլլայ հայ քաղաքական կեանքի կառավարման զսպիչ ու հակակշռող կեդրոնը: Իր օրէնսդիր եւ գործադիր իրաւասութիւններով, այս կեդրոնը պիտի ըլլայ քաղաքական ու պետական զարգացման այն մեքենան, որուն վստահուած է նուաճել արդար կարգերու հաստատման, բարգաւաճ ընկերութեան առաջացման եւ պարկեշտ հանրային ծառայութեան մը ստեղծման պարտականութիւնը:

Դիւրին պիտի չըլլայ հայրենի խորհրդարանին գործը, ինչպէս դիւրին չէ եղած ու չէ որեւէ գործ, որ կը միտի անէացնել խլիրդի նման վէրք կապած հին ու սեփական հաշիւներու ծառայող կառավարման համակարգեր: Սակայն մեր խորհրդարանը պիտի կարենայ քանդել ժանգ կապած «սթաթիւս քուո»-ներ, որոնք ոչ միայն վնասաբեր են հայրենիքին ու ժողովուրդին, այլ նաեւ ժամանակավրէպ դարձած  են:

Տէր կանգնելով խորհրդարանական իշխանութեան մը հաստատման ժողովուրդի վճիռին` հայրենի Ազգային ժողովը պիտի գործէ յառաջացնելու համար քաղաքականօրէն զարգացած ու արդիական այն համակարգը, որուն արժանի են մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը: Ազգային ժողովի դանդաղ, սակայն կլանիչ քայլերուն տակ պիտի հիւծին հին համակարգն ու անոր մնացորդացը: Այս իմաստով, մեր խորհրդարանը պիտի ըլլայ ի սպաս հայրենիքի եւ ի խնդիր ժողովուրդի ուղղամիտ կառավարման, օրէնքի վերահաստատման եւ ընկերային արդարութեան հարթիչ անիւը:

Հարց է թէ ինչպէ՞ս  նման իրագործում կարելի պիտի ըլլայ, երբ Ազգային ժողովը կը վխտայ գաղափարազուրկ, անդիմագիծ եւ անձնականացուած ուժերով, որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ վստահաբար պիտի պաշտպանեն տարիներէ ի վեր իրենք իրենց վերապահած շահերը: Նման ուժեր հին համակարգը կը ներկայացնեն: Անոնք պիտի փորձեն շարունակել կենդանի պահել այդ յամեցող համակարգը: Անոնք տասնամեակներէ ի վեր իշխող նոմենկլաթուրայի կազմակերպ ուժերն են: Իբրեւ այդպիսին` անոնք նոր շղարշով,  սակայն հին ճանապարհով պիտի փորձեն պահպանել իրենց անձնապէս ձեռնտու համակարգը:

Այս հարցին պատասխանը պէտք է փնտռել խորհրդարանական ընտրարշաւի ընթացքին դրսեւորուած այն խուճապին մէջ, որուն մատնուեցան հին համակարգի պահպանիչ ուժերը: Ճիշդ է` անոնք կարողացան մեծամասնութիւն ապահովելով մուտք գործել նոր խորհրդարան: Սակայն, ատոր համար անոնք սուղ գին վճարեցին: Գինը, որ վճարեցին, միայն դրամական չէր, այլ բարոյական ու քաղաքական էր: Այս ուժերը բարոյական ու քաղաքական նոյն գինը վճարելու հարկադրանքին տակ պիտի գտնուին խորհրդարանին մէջ:

Այդ ուժերուն համար հին համակարգը պահելու առաջադրանքը կ՛ենթադրէ քաղաքական եւ բարոյական նոր գին մը, որ բաւականին թանկ պիտի ըլլայ ապագայի հաշուոյն` յաջորդ ընտրութիւններուն, երբ պիտի ներկայանան ժողովուրդին պատասխանելու, թէ ի՞նչ կատարեցին բարեփոխելու համար երկիրը: Եւ մեր ժողովուրդը իմաստուն է: Մեր ժողովուրդը գիտէ ճիշդ հարցումը կատարել ճիշդ ատենին ու ճիշդ հասցէին:

Այդ ուժերը նաեւ ունին քուէներու մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս: Քուէները վաւերական ուժ են որոշում մը կայացնելու համար: Սակայն որոշումի բանաձեւումն է կարեւորը: Այս բանաձեւումին մշակման մէջ ազդեցիկ եւ առաջնորդող պիտի ըլլայ այն ուժը, որ տեսլական, հեռանկար եւ մշակուած ծրագիր ունի` անկախ իր քուէներու համրանքէն

Հետեւաբար, մէկդի դրած իրենց ներկայացուցած քուէներու համեմատութիւնները, ներկայ խորհրդարանական ուժերը նոր համակարգ մը հաստատելու եւ հաշուետուութիւն կատարելու պարտաւորութեան հարց ունին` ի դիմաց մեր ժողովուրդին: Այս երկու պարտաւորութիւններու պարագային, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի սկզբանէ միակն է, որ կրնայ ճիշդ, անկեղծ ու հաւատարիմ պատասխանը տալ մեր ժողովուրդին:

Մնացեալ ուժերուն կը մնայ իրենց գործունէութեան անկատար պարտամուրհակով ներկայանալ ժողովուրդին:

Եւ ժողովուրդը արդարօրէն հարց պիտի տայ անոնց, թէ իբրեւ առաջնորդող ուժ` ի՞նչ կատարեցիք հայրենիքին պետական ու համակարգային կառավարման բարեկարգումին համար: Անոնց պատասխանը անստոյգ է: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանը յստակ է:

Մինչ այդ, ապագայի այդ հարցադրումներէն առաջ, պէտք է անդրադառնալ պետութեան բարեկարգման գծով քաղաքական զարգացումին եւ մեր ժողովուրդի կողմէ հարցադրման գծով մեր քաղաքական մշակոյթին: Այս զոյգ հարցերու մասին` յաջորդիւ:

 

 

 

 

Նախորդը

Զատկուան Յարդարանք . Զատկուան Մթնոլորտ

Յաջորդը

«Մեր Բանակը Պէտք Է Զօրացնենք, Չի Բաւեր Միայն Ունենալ Հերոս Տղաք»

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?