«Արմենփրես» կը տեղեկացնէ, թէ Պրազիլի Սան Միկել Արքանժօ քաղաքը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պրազիլէն Սարգիս Գարամեքեան «Արմէնփրես»-ին փոխանցած է, թէ «21 մարտին քաղաքը ընդունած է օրէնք մը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Ցաւօք, մինչեւ հիմա Պրազիլը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը դաշնակցային օրէնքով: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք, այժմ յաջողութիւնները քաղաքային մակարդակով են: Յառաջիկային նոյնպէս Պրազիլի տարբեր քաղաքներու կողմէ ճանաչումներ կ՛ակնկալուին»: