ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Արցախ այցելելուն համար Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած Ալեքսանտր Լափշինի բանտարկութեան պայմանաժամը երեք ամիսով երկարաձգուած է ուրբաթ, 7 ապրիլին, Ազրպէյճանի շրջանային դատարանի մը կողմէ տրուած վճիռով: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Լափշինի պաշտպան փաստաբան Էտուարտ Շերնին:
Պիելոռուսիոյ իշխանութիւնները Լափշինը ձերբակալելէ ետք` զայն յանձնած էին Պաքուին:



