Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շ. Քոչարեան` Մարաղայի Ողբերգութեան Մասին. «Այս Օրը Կը Խորհրդանշէ Ղարաբաղեան Պատերազմի Ամէնէն Մռայլ Էջերէն Մէկը»

April 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարաղայի ողբերգութեան 25-րդ տարելիցին առիթով Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Այս օրը կը խորհրդանշէ ղարաբաղեան պատերազմի ամէնէն մռայլ, սակայն ոչ այդքան յայտնի էջերէն մէկը, երբ 25 տարի առաջ ազրպէյճանական կողմը իր գործողութիւններով կոպտագոյն ձեւով ոտնահարեց միջազգային մարդկային իրաւունքը:

«10 ապրիլ 1992-ին ազրպէյճանցի ՕՄՈՆ-ականները աւերեցին եւ հրկիզեցին ինքնորոշուած Արցախի Հանրապետութեան Մարաղա գիւղը, ողջակիզեցին եւ անմարդկային դաժանութիւններով տանջամահ ըրին խաղաղ բնակիչները, իսկ մէկ մասն ալ` գերեվարեցին. գիւղին բնակչութենէն ոմանց ճակատագիրը մինչ օրս կը մնայ անյայտ:

«Քանի մը ժամ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած գիւղին բնակիչները վերապրեցան այն վայրագութիւններն ու բարբարոսութիւնը, որոնք կը համապատասխանէին մարդկութեան դէմ յանցագործութեան բոլոր չափորոշիչներուն:

«Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած յանցագործութիւններու անպատժելիութիւնը նպաստեց ամենաթողութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ նոր ոճիրներու շարունակութեան: Անոր անհերքելի ապացոյցն են Արցախի դէմ անցնող  տարուան ապրիլին ձեռնարկուած յարձակումին ընթացքին  ազրպէյճանական զինուժին կողմէ ի գործ դրուած բարբարոս քայլերը»:

Ձեռնարկ` Մարաղայի Կոտորածին 25-րդ Տարելիցին Առիթով

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ  զրոյցի մը ընթացքին Մարաղա գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար,  համայնքի  ղեկավար  Ռոմա Կարապետեան ըսած է, որ 9 ապրիլ 1992-ին գիւղը ռմբակոծուած  է, ու իրենք գիտցած են, թէ թշնամին պիտի յարձակի:

Մարաղայի  կոտորածի  25-րդ  տարելիցին առիթով Նոր Մարաղայի Վաքիֆ Համբարձումեանի  անուան  միջնակարգ  դպրոցի   աշակերտները կազմակերպեցին ձեռնարկ մը:

Դպրոցականները հանդէս եկած են զինուորական հագուստներով` իրենց ձեռքերուն` գիւղի   պաշտպանութեան  համար նահատակուած հերոսներու նկարներ եւ թուրք հրոսակներու բարբարոսութիւնը դատապարտող պաստառներ:

Ներկաները ծաղիկներ զետեղած են 25 տարի  առաջ   Մարաղայի համար  զոհուած  հերոսներու յիշատակի յուշաքարին:

 

 

Նախորդը

Պրազիլի Սան Միկել Արքանժօ Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Փարպիի Մէջ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Չեղեալ Յայտարարուած Են

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.