Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարպիի Մէջ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Չեղեալ Յայտարարուած Են

April 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները, բնական է, առանց խախտումներու չեն ընթացած: 2 ապրիլին ՀՅԴ-ին կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած էր դիմում-բողոք Արագածոտնի մարզի Փարպի համայնքի մէջ արձանագրուած ընտրախախտումներուն վերաբերեալ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն «Երկիր»-ին յայտնած են, որ դիմումը վերահասցէագրման կարգով ներկայացուած է թիւ 17 տարածքային ընտրական յանձնաժողով, որ դիմումը քննելով, տուած է որոշում` անվաւեր ճանչնալու Արագածոտնի մարզի Փարպի համայնքի թիւ 17/21 ընտրական տեղամասին մէջ քուէարկութեան արդիւնքները, իսկ նախաքննութեամբ ձեռք բերուած նիւթերը ուղարկուած են դատախազութիւն:

Յիշեցնենք, որ 2 ապրիլին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին, անդրադառնալով Փարպիի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, յայտարարած էր, որ Փարպիի մէջ քաշքշուքներ, տեղամասերուն մէջ խառնաշփոթ եւ ակնյայտ բաց քուէարկութիւն եւ ուղղորդումներ արձանագրուած են:

«Ի դէպ, ուղղորդումները շատ տեղամասերու մէջ կարծես դարձած են հիմնական խախտման միտող ուղղութիւնը: Փարպիի համար մենք արդէն ահազանգած ենք` դիմած ենք Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահին եւ գլխաւոր դատախազին, որպէսզի փորձեն այդտեղ կարգուկանոն հաստատել: Բացի ատկէ, մեր տեղամասային յանձնաժողովին զգուշացուցած էինք, որ խախտումները կրկնուելու պարագային անպայման այդ տեղամասին վրայ բողոք պէտք է արձանագրուի», ըսած էր ան եւ ընդգծած, որ շատ յաճախ տեղամասերէն  դուրս աշխատանքը, զոր պէտք է կատարէ ոստիկանութիւնը, կը կատարեն լրագրողները, իսկ ներսը` շատ մը տեղերու մէջ, ուր պէտք է յանձնաժողովներու անդամները, վստահուած անձեր իրենց գործառոյթները կատարեն, այդ գործը դարձեալ մնացած է լրագրողներուն վրայ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ Փարպի համայնքի ընտրութիւնները չեղեալ նկատելը միայն մէկ բան կը նշանակէ` խախտումները, որոնց մասին կը բարձրաձայնէր Դաշակցութիւնը, եղած են, եւ ոստիկանութիւնն ալ, այդուհանդերձ, թերացած է իր աշխատանքներու կատարման մէջ, իսկ Աղուան Վարդանեանի յայտնած դժգոհութիւնը տեղի էր:

 

Նախորդը

Շ. Քոչարեան` Մարաղայի Ողբերգութեան Մասին. «Այս Օրը Կը Խորհրդանշէ Ղարաբաղեան Պատերազմի Ամէնէն Մռայլ Էջերէն Մէկը»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուքի Նոր Մրցանիշը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.