ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բնութիւնը ձեզի կը շնորհէ գեղեցիկ տեսարան մը, որ երկար ատեն պիտի մնայ ձեր յիշողութեան մէջ: Հետեւեցէք այս երեւոյթին` առանց նկատի առնելու ժամանակը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզ պիտի գտնեն հրապուրիչ եւ սիրով լեցուն: Ուրախ եղէք, որ նման մթնոլորտի մէջ պիտի անցնի ձեր օրը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի վերագտնէք ձեր բարեկամները` անոնց հետ վերապրելու համար երիտասարդութեան նախկին օրերը: Հաճելի անակնկալներ պիտի պատահին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շուկայի հետ գործ պիտի ունենաք նուէրներ գնելու համար: Կ՛ուզէք ձեր բարեկամները ուրախացնել անակնկալ առիթներով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր առաջին անգամ հանդիպած անձին ձեր կեանքը մի՛ պատմէք: Լաւ ընտրեցէք ձեր հաւատարիմ խորհրդակիցը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դադրեցուցէք ձեր ջղային վիճակը` այս կամ այն պատճառով: Հանդարտութեամբ կատարեցէք ձեր աշխատանքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր օգնութիւնը կատարեցէք առանց ձեզմէ խնդրուած ըլլալու: Այս ձեւով պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սխալներ մի՛ փնտռէք ձեր տան մէջ, եթէ անկարգութիւն մը պատահի: Ամէն բան պիտի անցնի ներդաշնակութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պէտք չէ որ մէկը ձեր անձնական կարծիքը ոտնակոխէ: Պիտի կարենաք փարատել նման կեցուածքներ, երբ ձեզի խանգարողներ ըլլան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի կարենաք ձեր պահանջները ներկայացնել ձեր ընտանիքին, որ բարեացակամ պիտի գտնուի ձեր նկատմամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծովանուշները լաւ հաստատուած պիտի ըլլան շահելու համար մարզական մրցումները: Յաջող օր մը պիտի ունենաք, որ պիտի շարունակուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ զգայուն էք: Արցունքը ինքնաբերաբար պիտի հոսի ձեր աչքերէն: Ջանացէք ըլլալ տրամաբանող, երբ հանդիպիք անակնկալ պատահարներու:
 
			