Եւրոպական Միութեան բանբերը յայտարարութիւն մը հրապարակած է 2 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «2 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններու միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութեան համաձայն, ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին, եւ ընդհանուր առմամբ գոյութիւն ունէր յարգանք հիմնարար ազատութիւններուն նկատմամբ: Բայց եւ այնպէս, ընտրութիւններուն վրայ շուք ձգած է հաւաստի այն տեղեկութիւնը, որ եղած են քուէներ գնելու դէպքեր, քաղաքացիական ծառայողներու եւ մասնաւոր հատուածի աշխատակիցներու նկատմամբ ճնշումներ, որոնք ալ իրենց կարգին յանգեցուցին ընտրութիւններու նկատմամբ հանրային վստահութեան պակասի խորացման: Այնուամենայնիւ, ընտրութիւններուն արդիւնքները կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդին կամքը:
«Հակառակ անոր որ աննախադէպ քանակի միջազգային եւ տեղական դիտորդներու համար ստեղծուած էր աշխատանքային նպաստաւոր միջավայր, միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները չէին հրաւիրուած դիտորդութիւն կատարելու` հակասելով 1990-ի ԵԱՀԿ-ի Քոփենհակընեան փաստաթուղթին: Ընտրութիւններու միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը ողջունեց բարեփոխումներու իրաւական շրջանակը, ինչպէս նաեւ նոր արհեստագիտութեան ներմուծումը, որուն իր աջակցութիւնը տրամադրած է Եւրոպական Միութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ միասնաբար յաջողութեամբ իրականացուած ծրագիրի միջոցով: Հակառակ որոշ ոչ նշանակալից թեքնիք խնդիրներու գոյութեան` դիտորդները արձանագրած են քուէատուփերու յանկարծակի լեցուելու, բազմակի քուէարկութեան, քուէներու հաշուարկի եւ աղիւսակաւորման վերաբերեալ իրաւախախտումներու աւելի քիչ դէպքեր:
«Եւրոպական Միութիւնը հետամուտ է Հայաստանի կայուն, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագային: Ընտրական հոլովոյթներու ամփոփումէն ետք կ՛ակնկալենք աշխատիլ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն համապատասխան ընտրուած նոր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ` ամրապնդելու քաղաքական երկխօսութիւնն ու շարունակելու Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնը ընկերային-տնտեսական մարզի բարեփոխումներուն, ներառեալ հիմք ընդունելով վերջերս նախաստորագրուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դրացնութեան վերանայուած քաղաքականութեան ու Արեւելեան գործընկերութեան աւելի լայն շրջանակը»: