Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուն. «Ընտրութիւնները Լաւ Կազմակերպուած Էին, Հիմնարար Ազատութիւններու Յարգանքը Ապահովուած Էր»

April 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը 2 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն գծով` այս առիթով շնորհաւորելով Հայաստանի ժողովուրդը:  Ան դիտել տուած է, որ ընտրութիւններէն առաջ կուսակցութիւններուն եւ քաղաքական դաշինքներուն միջեւ մրցակցային պայքար ծաւալած է այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր լրատուամիջոցները հասանելի էին բոլոր դիրքորոշումներուն համար:

«Քուէարկութեան օրը ընդհանուր առմամբ հանդարտ էր ու կանոնաւոր Հայաստանի ամբողջ տարածքին, եւ ընտրողները կրնային ազատօրէն օգտագործել իրենց ձայնի իրաւունքը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը համամիտ է ԵԱՀԿ-ի Մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարական հաստատութիւններու գրասենեակի դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատականին, ուր կը նշուի, որ ընտրութիւնները լաւապէս կազմակերպուած էին եւ ընդհանուր առմամբ ապահովուած էր հիմնարար ազատութիւններուն հանդէպ յարգանքը` միաժամանակ նկատել տալով, որ «ընտրութիւններուն վրայ իրենց հետքը ձգած են ընտրակաշառքներուն վերաբերեալ արժանահաւատ տեղեկութիւնները» եւ ընտրողներուն վրայ գործադրուած ճնշումները:

«Հայաստանի կառավարութիւնը, կուսակցութիւններն ու քաղաքացիները կը յորդորենք աշխատիլ միասին` գոյութիւն ունեցող կամ նոր իրաւական մեքանիզմներուն միջոցով փարատելու այս մտահոգութիւնները:

«25 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները հետեւողականօրէն աջակցած են Հայաստանին` ժողովրդավարական հոլովոյթներու ու հաստատութիւններու զարգացման ճամբուն վրայ: Այս ընտրութիւններուն մենք հպարտ էինք գործակցելու Հայաստանի կառավարութեան, ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին հետ` ներդրելու ընտրողներուն նոյնականացման նոր թեքնիք համակարգը: Այս նոր սարքաւորումներուն միջոցով 2 ապրիլին ընտրական կեդրոններուն մէջ կարելի եղաւ ապահովել ընտրական ընթացակարգերը առանց լուրջ միջադէպերու եւ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեամբ սահմանուած ուղենիշերուն համաձայն:

«Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն դիտարկել եւ վերլուծել միջազգային ու տեղական դիտորդներուն զեկուցումները, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն վերաբերող բողոքներու դատական կարգով լուծումը յետընտրական փուլին ընթացքին:

«Այժմ, երբ ընտրութեան արդիւնքները յստակ են, մենք կը խրախուսենք բոլոր կողմերը` կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը, շարունակելու իրենց ներգրաւուածութիւնը խաղաղ բանավէճերուն ու քննարկումներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Անդամները Արցախ Կ’այցելեն

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւն. «Ընտրութիւններու Արդիւնքը Կ՛արտացոլացնէ Հայաստանի Ժողովուրդին Կամքը»

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.