Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայաստանեան Ընտրութիւնները Գնահատած Է Բաց Ու Թափանցիկ

Ապրիլ 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, արհեստագիտական նորամուծութիւնները աւելի բարձրացուցին քաղաքացիներուն վստահութեան մակարդակը ընտրութիւններուն արդիւնքներուն առնչութեամբ: Այս հաստատումը, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կատարած է ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահ, գործադիր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ` ներկայացնելով 2 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն գնահատականը:

«Մենք աշխատանքի սկսանք 14 մարտին, այսինքն` ժամանակի առումով կարելիութիւն ունէինք հետեւելու ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն, նաեւ` քուէարկութեան: Մեր յանձնախումբը մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է ընտրական նոր օրէնսգիրքը, եւ կ՛ուզենք ըսել, որ հոն կատարուած էին նորամուծութիւններ, որոնց առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէինք  ԱՊՀ երկիրներուն մէջ, այդ պատճառով մենք եւս կը սպասէինք անոր, սակայն նորամուծութիւններու դրսեւորման պիտի ծանօթանանք ընտրութիւններուն ընթացքին», նշեց ան:

Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը յայտնեց, որ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող խմբակին մէջ ընդգրկուած են խումբ մը դիւանագէտներ, փորձագէտներ, զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ այլն: Դիտորդական խմբակը հետեւողական դիտարկում իրականացուցած է բոլոր մարզերուն մէջ:

«Կը կարծեմ` այն նորամուծութիւնները, որոնք կիրարկուեցան ընտրութիւններուն ընթացքին, միտուած էին անոր, որ ընտրութիւնները աւելի ազատ, բաց ու թափանցիկ կատարուին: Բնականաբար, որոշակի կուտակումներ, թեքնիք խնդիրներ եղած են` սարքաւորումներու կողմէ անձերու ծանօթանալուն առնչութեամբ, սակայն անոնք չէին հանդիսանար իբրեւ այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք կրնային խափանել ընտրութիւններուն ընթացքը», ըսաւ դիտորդական  առաքելութեան ղեկավարը:

Սերկէյ Լեպետեւ նշեց, որ ներկայ գտնուած են շուրջ 1215 ընտրական տեղամասերու մէջ, ուր իրավիճակը հասկնալու համար օգտակար դարձած են ընտրական տեղամասին մէջ աշխատող այլ դիտորդները:

«Կրնանք դիտարկել, որ ընտրութիւնները ընդհանուր առումով տեղի ունեցած են հանգիստ եւ կազմակերպուած, իսկ մուտք գործած նորամուծութիւնները, որոնք մտադրուած էին հոլովոյթին կատարելագործման, մեծապէս նպաստեցին ընտրութիւններու թափանցիկ ընթացքին եւ գերազանցեցին նոյնիսկ մեր արեւմտեան երկիրներուն մէջ կազմակերպուած ընտրութիւնները: Կ՛ուզէի շեշտել, որ մենք կ՛առաջնորդուինք այն երկրի օրէնսգիրքով, ուր հետեւողական դիտարկում կը կատարուի: Մենք որեւէ քաղաքական գնահատական չենք տար: Մեզի համար կարեւոր էր դիտարկել ընտրական հոլովոյթը, թէ անիկա որքանո՛վ ժողովրդավար է եւ որքանո՛վ ապահովուած է քաղաքացիներու` ազատ կամքի արտայայտման իրաւունքը: Մենք ատիկա կատարեցինք, եւ ընդհանուր առումով, ընտրութիւններու կազմակերպումը թոյլ կու տայ եզրակացնելու, որ քաղաքացիներուն` ազատ կամքի արտայայտման իրաւունքը պահպանուած է, իսկ ընտրութիւնները կայացած են ազատ ու թափանցիկ», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւն. «Ընտրութիւններու Արդիւնքը Կ՛արտացոլացնէ Հայաստանի Ժողովուրդին Կամքը»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Տեղը Ազգային Ժողովին Մէջ` Ըստ Ստացած Ձայներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?