ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գործերուն մէջ ազդեցիկ պիտի ըլլաք: Ձեր յաճախորդները լաւ հասկնալու ձեր կարողութիւնը ձեր առաւելութիւնը պիտի ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր տարբեր մտածումներուն, կրնաք սխալ հասկցուիլ, ջանացէք սրբագրել անհասկնալին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր արհեստագիտութիւնը ձեզ կը հետաքրքրէ, մանաւանդ` այն բաները, որոնք ձեզի իմաստուն կը դարձնեն: Ջանացէք հետեւիլ օրուան փոփոխութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ բարեկամական մթնոլորտ մը պիտի տիրէ, եւ դուք պիտի կարենաք ձեր հարցերը լուծել դիւրութեամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է խոհեմ ըլլաք ձեր ասպարէզին մէջ, որեւէ որոշում առանց հետեւանքի պիտի չմնայ, պիտի իրագործուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Խոհեմութիւն կիրարկելու պահն է, ինչ որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ այս օրերուն: Մտքի մարզանքն ալ կարեւոր է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր մտահոգութիւնները պիտի թեթեւցնէք: Անոնք շատ ծանր պիտի չըլլան այն բախտաւորութեան դիմաց, որ պիտի ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միջնորդ պիտի ըլլաք մարդոց միջեւ, որոնք մասնաւորաբար գնահատել չեն գիտեր: Դուք կատարեցէք ձեր խղճին պարտքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հարցերը կը կարգադրէք ժպիտով, եւ այս պիտի փոխէ բոլոր ձեր շուրջիններուն կեանքը: Մնացէ՛ք նոյն տրամադրութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր կեանքը լեցուն է զգացումներով եւ անակնկալ սէրով, որուն մէջ կրնաք իյնալ ամէն վայրկեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ոչինչ մնայուն է ժամանակին մէջ: Յարաբերութիւն մը կրնայ վերսկսիլ հոնկէ, ուր կանգ առած էր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շուտով պիտի հասկնաք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարաբերիք անձի մը հետ` ստանալու համար այն, ինչ որ կը փափաքիք:
