Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծման Վերաբերեալ Ոչ Մէկ «Լաւրովի Ծրագիր» Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Լաւրով

April 1, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան Մոսկուայի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ ոչ մէկ «Լաւրովի ծրագիր» գոյութիւն ունի, կը քննարկուին միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հաւաքական առաջարկները:

«Բազմիցս հրապարակաւ յայտարարած եմ, որ ոչ մէկ «Լաւրովի ծրագիր» գոյութիւն ունի», ընդգծած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը: Ըստ անոր, այժմ քննարկուող գաղափարներուն հիմքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու կողմէ մշակուած առաջարկներն են:

«Աւելի ճիշդ, խօսքը այն կէտերուն մասին է, որոնք հնչեցուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ: Անոնք շատ յայտնի են», նշած է նախարարը: Ան ընդհանուր առմամբ` չհերքելով այդ հիմքը, ըսաւ, թէ կողմերը տարբեր ձեւով կը տեսնեն ատոր բաղադրիչներու կեանքի կոչման յաջորդականութիւնը: «Չկայ խօսք այն մասին, թէ անիկա փոխուի կամ առաջարկուին որոշ նոր ծրագիրներ, որոնք կտրուկ կերպով պիտի փոխեն համանախագահներու մշակած պատկերացումը», ըսած է ան:

«Գլխաւորը կողմերուն օգնելն է` գտնելու հաւասարակշռուած քաղաքական լուծում, որ կ՛արտօնէ անցնիլ իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթերու պատրաստման», ընդգծած է Լաւրով:

Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները հանդէս կու գան ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին շուրջ միասնական դիրքորոշումով: «Իրապէս, 16 փետրուարին Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար Վալերի Կերասիմովի եւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ Ճոզըֆ Տանֆըրտի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու ահաբեկչութեան դէմ համագործակցութեան հարցերը, մասնաւորաբար` Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ», յիշեցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրովի համաձայն, Մինսքի խմբակի համանախագահները աշխուժօրէն կը համագործակցին իրարու հետ: «Պարբերաբար այցելելով շրջան` անոնք, իբրեւ կանոն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւններուն հետ բանակցութիւններուն մէջ հանդէս կու գան միասնական դիրքերէ», նշած է նախարարը` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ այդպիսի խմբային մօտեցում կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է եւ ինչպէ՛ս պէտք է համագործակցիլ միջազգային տագնապներու յաղթահարման հարցին մէջ»:

«Յոյսով եմ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով Ուաշինկթընի, ինչպէս նաեւ Փարիզի հետ մեր սերտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի», յայտարարած է Լաւրով:

 

 

 

Նախորդը

Հակառակորդի Կրակոցէն Զոհուած Է Զինուոր Մը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան Եւ Աղուան Վարդանեան Լրագրողներու Հետ Հանդիպումներով Եզրափակեցին ՀՅԴ Նախընտրական Քարոզարշաւը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.