ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր շուրջինները մի՛ թերագնահատէք, որպէսզի անակնկալի մը առջեւ չգտնուիք: Եղէք միշտ հասկցող եւ արժեւորեցէք բարեկամութիւնները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր երկինքը շատ պայծառ է, եւ լուսինը աւելի կը լուսաւորէ ձեզ: Հաճելի կեցուածք ունեցէք ամէնուն հանդէպ: Ապրելու ուրիշ կերպ չկայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Թանկագին խորհուրդներ պիտի ստանաք ձեր շուրջիններէն եւ պիտի յառաջանաք ձեր աշխատանքին մէջ: Մի՛ մոռնաք շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կը թուի, որ ձեզմէ կ՛ակնկալուի կատարել լաւ գործ մը բարեկամի մը հանդիպումին համար, որ լաւ տրամադրուած է` տօնական օր մը ապրելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այն տպաւորութիւնը մի՛ ձգէք, որ դուք անտարբեր անձ մըն էք` աշխատանքի կամ սիրոյ մէջ: Ձեզ նկատի պիտի չառնեն այս ձեւով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ի՜նչ հաճելի է, երբ ձեզի գիրք մը թելադրեն: Դուք որ կը սիրէք ընթերցանութիւնը, շատ գոհ պիտի մնաք այս գիրքը կարդալով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր կարեւոր թուղթերը լաւ դասաւորուած ըլլալով պիտի կարենաք դիւրութեամբ գտնելու ձեր փնտռածը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի գիտնաք գործակցիլ ձեր հաշուոյն, բայց հարց մը առկախ պիտի մնայ: Ջանացէք կարգադրել թերի հարցերը, որպէսզի դԺուարութիւն չունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գտէք ձեր փափուկ անկողինը: Այսօրուան համար տրամաբանական կեցուածք մը պիտի ունենաք: Երբեմն հանգստանալու կարիքը կը զգաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանք կատարելու համար փոքր շարժուձեւեր ըրէք: Պիտի օգտուիք: Ջանացէք ընկեր մը գտնել` միասնաբար նոյն շարժումները ընելու համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տան մէջ օրէնք պիտի հաստատէք վերջ մը դնելու համար անիմաստ աշխատանքներու` քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ: Անոնց ցոյց տուէք նոր ծրագիր մը, որմէ պիտի օգտուին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շաբաթը դժուար եղած է, բայց դուք պիտի կարենաք շունչ մը քաշել շաբաթավերջին` պտոյտ մը կամ այցելութիւն մը կատարելով: