Պիելոռուսիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Մինսք մտադիր չէ վիճիլ Ազրպէյճանի կամ Հայաստանի հետ, ի միջի այլոց նաեւ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնման հարցին շուրջ: Ան այդ մասին յայտարարած է Մինսքի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեանի հետ հանդիպումին ընթացքին` վերջինիս Պիելոռուսիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:
«Մենք մտերիմ ժողովուրդներ եղած ենք, այդպէս ալ պիտի մնանք: Հայաստանը Ազրպէյճանին տարբեր ձեւով կը վերաբերի, սակայն անիկա նոյնպէս մեզի մտերիմ ժողովուրդ է… Ինչո՞ւ մենք պէտք է վիճինք կամ կռուինք Ազրպէյճանի կամ Հայաստանի հետ: Թերեւս մենք օր մը պէտք է երթանք Ազրպէյճան եւ Հայաստան… Այդ պատճառով, ինչո՞ւ խորանամ այնտեղ, ուր զիս չեն խնդրեր…», յայտարարած է Լուքաշենքօ:
Անդրադառնալով Լափշինի հարցին` Լուքաշենքօ ըսած է. «Նայեցէ՛ք, ի՞նչ կապ ունի այստեղ Հայաստանը: Հայաստանը զիս Լափշինի մասին ոչինչ ըսած է: Անոր դէմ հետախուզում յայտարարած է երկիր մը` Ազրպէյճանը: Երբ ան այստեղ ձերբակալուեցաւ, ես կը մտածէի` ինչո՞ւ զինք այստեղ ձերբակալեցին: «Ինթըրփոլ»-ը գիտէր: Մենք յայտնեցինք, ինչպէս որ կը սպասուէր: Որո՞ւն պէտք է զինք փոխանցէինք: Պէտք է փոխանցէինք անոր, որ անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարած էր»` աւելցնելով. «Զայն ոչ մէկը կ՛ուզէր վերցնել»:
«Աւելի՛ն, ես առաջին անգամ ասիկա ձեզի կ՛ըսեմ եւ հրապարակաւ` զայն ոչ մէկն ալ կ՛ուզէր վերցնել: Յետոյ միայն սկսան խաղալ այդ քարտը: Ան երեք երկիրներու քաղաքացի է, ոչ մէկ երկիր զինք չէր պահանջեր վերցնել: Ոչ, պէտք է մէկուն մեղադրել եւ վերջ», ըսած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:
«Կան սուր հարցեր` հայերու, պիելոռուսերու մօտ: Ենթադրենք` Լեռնային Ղարաբաղը: Ձեզի ուղղակի ըսեմ` ատիկա մեր հարցը չէ, ատիկա իմ հարցս չէ: Մենք այնտեղ ընելիք չունինք: Կան հակամարտող կողմեր, որոնք պէտք է յստակացնեն այդ հարցը», ըսած է Լուքաշենքօ` աւելցնելով որ իր երկրին դիրքորոշումը յստակ է: Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը առանց միջնորդներու պէտք է լուծեն խնդիրը: «Եթէ անոնք պիտի ուզեն երաշխաւոր երկիր, անոնք երկուքը միասին թող որոշեն: Այսօր կայ այդպիսի պահ այդ հարցը լուծելու համար», ըսած է ան:



