Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Նպատակը Երկիրը Առողջացնելն Է

March 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն մարդ իր արժանապատիւ վարձատրութիւնը պիտի ստանայ, եթէ  երկիրը ճիշդ ճամբուն վրայ ըլլայ, սակայն անոր համար պէտք են մեքանիզմներ, պէտք է միջավայր փոխուի: Այս մասին երէկ Կոտայքի մարզի Քաղսի համայնքի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, կարելի չէ մարդիկը խաբել, սուտ խոստումներ տալ միայն անոր համար, որ այդ օրը գան եւ իրենց օգտին քուէարկեն: Ըստ Ռուստամեանի, երկրի բոլոր ընկերային հարցերուն հիմքը քաղաքական համակարգն է եւ եթէ քաղաքական համակարգը չփոխուի, այդ բոլոր խնդիրները պիտի մնան անփոփոխ:

Դաշնակցական թեկնածուն բնակիչներուն ներկայացուց խորհրդարանական կառավարման համակարգի առաւելութիւններն ու հաստատեց, որ նոր համակարգին մէջ պիտի չըլլայ մէկը, որ միանձնեայ  որոշում տայ, վերէն մինչեւ վար բոլոր քատրային նշանակումները կատարէ:

«Դաշնակցութիւնը ի սկզբանէ ըսած է, որ այս համակարգը չարիք ծնող համակարգ է: Մենք 1990-1991 թուականներէն նոյն բանը կ՛ըսենք: Նախագահական ընտրակարգին իբրեւ հետեւանք Հայաստանի մէջ երեք նախագահ փոխուեցաւ, բայց մարդոց կեանքին մէջ ոչինչ փոխուեցաւ, եղաւ սեփականութեան դերաբաշխում, մէկէն անցաւ միւսին, արդիւնքը`  ժողովուրդը ոչինչ ստացաւ, չքաղեց անկախութեան պտուղները», յայտարարեց Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, դաշնակցութեան նպատակը երկիրը առողջացնելն է. «Ճիշդը դժգոհութիւնը ծնող պատճառները վերացնելն է, քան տեղ-տեղ ցաւազրկելը, որովհետեւ մինչեւ հիւանդութիւնը չբուժես` մարմինը չի կրնար առողջանալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ մարդիկ արագ փոփոխութիւններ կ՛ուզեն, ապա ձեւաւորուող խորհրդարանը պէտք է որակ ունենայ:

Ըստ Ռուստամեանի, ժողովուրդի իշխանութիւնը կը դրսեւորուի  ընտրութեան ժամանակ: «Որեւէ մէկը չի կրնար ձեր ձայնը կեղծել: Մարդիկ զզուած են ընտրութիւններէն, որովհետեւ իրենց ձայնը կեղծուած է: Մարդիկ զզուած են եւ նախընտրած ընտրակաշառքի ձեւը, ըսած են` առիթ է, գոնէ 10-15 հազար դրամ շահինք, որովհետեւ այս  ընտրութեամբ բան պիտի չփոխուի: Հաւատացէ՛ք, որ ժողովուրդին  իշխանութիւնը կը դրսեւորուի ընտրութեան ժամանակ, դուք ձեր իշխանութենէն մի՛ հրաժարիք, ատիկա աւելի մեծ բան է, քան 10-15  հազար դրամը, որով ձեզ կը գայթակղեցնեն, այդպիսով պարզապէս ձեր իշխանութիւնը ձեզմէ կը խլեն», ըսաւ ան` յորդորելով գիւղացիները` մասնակցիլ ընտրութեան եւ իրենց քուէին տէրը ըլլալ:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Գաղափարներով Եւ Ծրագիրներով Մրցակցութեան Տեսակէտէ Բարձրագոյն Դիրքին Վրայ Է

Յաջորդը

Փոտոլսքիի Միջազգային Վերջին Մրցումը` Անգլիոյ Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.