Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Գաղափարներով Եւ Ծրագիրներով Մրցակցութեան Տեսակէտէ Բարձրագոյն Դիրքին Վրայ Է

Մարտ 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն գաղափարներով եւ ծրագիրներով ակնյայտօրէն մրցակցութեան տեսակէտէ բարձրագոյն դիրքին վրայ է, որովհետեւ չկայ որեւէ մէկը, որ  հակադրուի իրենց գաղափարներուն եւ ծրագիրներուն:

«Մնացածը մեր հասարակութեան, քաղաքացիներու ընտրութիւնն է: Եթէ այսօր ընկերային վիճակը ստիպած է կարգ մը անձերու փորձել մեր քաղաքացիներուն ձայները գնել չնչին, նուազագոյն դրամական յատկացումներով, ատիկա չի նշանակեր, որ քաղաքական ուժը, որ ունի գաղափարներ, ծրագիրներ, զայն պէտք է գնահատել այդ ձեւով», «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ  ինչպէ՛ս կը գնահատէ, որ տարբեր հարցախոյզներու եւ կանխատեսումներու մէջ ՀՅԴ-ն յառաջատար դիրքերու վրայ չէ:

Ան կարեւոր նկատեց, որ իրենց գաղափարները եւ ծրագիրները տեղ գտնեն քաղաքացիներու շրջանակներուն մէջ եւ քաղաքացիները գիտակցաբար ընտրութեան երթան, այլ ոչ թէ պահու ազդեցութեան տակ: «Եթէ ստանանք աւելի մեծ քուէ, կ՛ունենանք աւելի մեծ դրական արդիւնք` երկրի, ազգի ու ժողովուրդի մակարդակով, եթէ չստանանք աւելի մեծ քուէ, մեր ուժերու ներածին չափով համագործակցաբար այլ ազգային մտածողութիւն ունեցող ուժերու հետ կը փորձենք իրականացնել մեր ծրագիրները», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ընտրակաշառք բաժնելու հարցով արդեօք նկատի ունի՞ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Արծուիկ Մինասեան նշեց. «Կը կարծեմ, որ բոլոր այն անձերը, անկախ քաղաքական ուժի պատկանելիութենէն, որոնք կը փորձեն ընտրողներու ձայները գնել, ընդ որում միայն անոնք իշխանութեան մէջ չեն, այլ ընդդիմադիր ուժերու մէջ ալ կան այդպիսիները, անձեր, որոնց  համար ընտրութիւնը միայն սովորական խանութէ ապրանք գնելու նման բան մը դարձած է: Այդ բոլորին պէտք է վերջ տրուի եւ եթէ այդ ուժերու ղեկավար մարմինները նոյնիսկ չեն գիտեր այդ մասին, լաւ կ՛ըլլայ գիտնան եւ իրենք ձեռնարկեն պատժիչ գործողութիւններու, հակառակ պարագային ատիկա հակառակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ զանոնք հարուածէ», ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեան խնդիր կը տեսնէ նաեւ, որ կարգ մը մարդիկ չեն գիտակցիր, թէ ո՛րն է պատգամաւորին գործառոյթը: «Յաճախ տեղական ինքնակառավարման մարմինի գործառոյթը կը շփոթեն պատգամաւորի գործառոյթին հետ, կամ այլ գործառոյթներ կը վերագրեն պատգամաւորի գործառոյթի, այդ պատճառով ալ անիկա կ՛աղաւաղուի», ըսաւ ան եւ նշեց, որ իր ըսածը կը վերաբերի անոր, երբ բարեգործութեան, ծրագիրներու, խոստումներու անուան տակ կը փորձեն քաղաքացիներուն ձայները գնել:

Ըստ անոր, բաւական լուրջ ուժեր կան, որոնք կեղծ յայտարարութիւններ կը կատարեն: «Հիմա կը յայտարարեմ, որ Հայաստանի մէջ չի իրականացուիր աւանդի վերադարձման ծրագիր, ատիկա կեղծ է, սուտ, ապատեղեկատուութիւն, չկայ այդպիսի ծրագիր: Ատիկա ընկերային ծրագիր է, որ աւանդի վերադարձին հետ բացարձակ կապ չունի», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Համբարձումեան. «Ընտրեցէ՛ք Այն Սերմը, Որ Վաղը Արդիւնք Պիտի Տայ»

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Նպատակը Երկիրը Առողջացնելն Է

RelatedPosts

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը  Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Նոյեմբեր 14, 2025
Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ  Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին`  Ազրպէյճանի Անդամակցութեան
Հայկական

Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին` Ազրպէյճանի Անդամակցութեան

Նոյեմբեր 14, 2025
Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Հայկական

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Հայաստանում Նախատեսուած «Աղօթքի Նախաճաշի» Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?