Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հաղորդագրութիւնը . Սուրիոյ Երեխաներուն Տառապանքը Գագաթնակէտին Հասած Է

March 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ Դանակը Ոսկորին Կը Հասնի

Սուրիական տագնապի սկզբնաւորման 6-ամեակին առիթով ԵՈՒՆԻՍԵՖ հրապարակած է բաւական յոռետեսական հաղորդագրութիւն մը`  մանուկներուն վիճակին մասին: Ստորեւ` հաղորդագրութիւնը.

«Սուրիական պատերազմին` երեխաներուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնը մրցանշային դարձած է», նշուած է սուրիական տագնապի վեցամեակին առիթով ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հրապարակած գնահատականին մէջ:

Վկայակոչուած սպանութիւնները, հաշմանդամութեան պարագաները, պատերազմական գործողութիւններուն մէջ երեխաներուն ներգրաւուածութիւնը նախորդ տարի կտրուկ աճ արձանագրած են երկրին մէջ բռնութիւններու շեշտակի աճին պատճառով:

  • Առնուազն 652 երեխայ սպաննուած է, ինչ որ 20 առ հարիւր աւելի է նախորդ տարուան համեմատ.  այսպիսով 2016 թուականը դարձաւ վատթարագոյն տարին սուրիացի երեխաներուն համար այն օրէն ի վեր, երբ 2014 թուականին սկսաւ զոհուածներու պաշտօնական արձանագրութիւնը:
  • 225 երեխաներ սպաննուած են դպրոցներուն մէջ կամ դպրոցներուն մերձակայքը:
  • Աւելի քան 850 երեխայ ներգրաւուած է տագնապին մէջ` իբրեւ կռուող: Այս թիւը երկու անգամով կը գերազանցէ 2015 թուականի ցուցանիշի տուեալները: Երեխաները կ՛օգտագործուին ու կը ներառուին առաջնագիծին մէջ մարտնչելու համար եւ աւելի մարտական բազմաթիւ եւ տարատեսակ դերեր կը ստանձնեն, երբեմն նոյնիսկ` իբրեւ մահուան դատավճիռ իրականացնողներ, մահապարտներ կամ բանտապահներ:
  • Առնուազն 338 յարձակում գործուած է հիւանդանոցներու եւ բժշկական անձնակազմերու վրայ:

«Տառապանքերուն խորութիւնը աննախադէպ է: Սուրիոյ մէջ ամէն օր միլիոնաւոր երեխաներ յարձակումի կ՛ենթարկուին` անոնց կեանքը տակն ու վրայ ընելով», նշած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանի ղեկավար Կիրթ Քափելիր` խօսելով Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ: «Իւրաքանչիւր երեխայի վրայ հետքեր կը մնան` սարսափազդու հետեւանքներ ունենալով անոնց կեանքին, բարօրութեան եւ ապագային վրայ», ընդգծած է ան:

Սուրիոյ շարք մը գօտիներու դժուարմատչելիութիւնը կը շարունակէ խոչընդոտ հանդիսանալ ամբողջութեամբ գնահատելու երեխաներու տառապանքին ամբողջ տարողութիւնը եւ անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու ամէնէն խոցելի վիճակին մէջ գտնուող տղոց եւ աղջիկներուն: Բացի ռումբերէն, փամփուշտներէն եւ պայթումներէն` երեխաները լռութեան մէջ յաճախ կը մահանան այնպիսի հիւանդութիւններէ, որոնք այլ  պարագաներու մէջ շատ դիւրութեամբ կարելի էր կանխարգիլել:

Բժշկական օգնութեան տրամադրումը, կեանք փրկող պարագաներու եւ այլ տարրական ծառայութիւնները կը շարունակեն անհասանելի մնալ:

Սուրիոյ դժուարմատչելի գօտիներուն մէջ ամէնէն խոցելի վիճակին մէջ կը գտնուին 2,8 միլիոն երեխաներ, որոնց կարգին 280.000 երեխաներ կ՛ապրին շրջափակման մէջ` գրեթէ ամբողջովին օգնութենէ զրկուած:

Պատերազի վեց տարիներէն ետք գրեթէ 6 միլիոն երեխայ մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտութիւն ունի, ինչ որ տասներկու անգամ աւելի է 2012 թուականի ցուցանիշներէն: Միլիոնաւոր երեխաներ տեղահանուած են, անոնց մէջ ոմանք` նոյնիսկ եօթը անգամ: Շուրջ մէկ միլիոն երեխայ գաղթականի կարգավիճակով կ՛ապրի Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Իրաքի մէջ:

Սուրիոյ մէջ եւ սահամաններու երկայնքին դժուարութիւններու յաղթահարման մեքանիզմները կ՛ոչնչանան, եւ ընտանիքները ծայրայեղ միջոցներու կը դիմեն միայն գոյատեւելու համար յաճախ երեխաները կանխահաս ամուսնութեան եւ աշխատանքի մղելով: Տնային տնտեսութիւններու աւելի քան երկու երրորդին մէջ երեխաները կ՛աշխատին իրենց ընտանիքներուն օգնելու համար, ոմանք` ծայրայեղ դաժան պայմաններու մէջ, որոնք նոյնիսկ յարիր չեն մեծերուն:

Այնուամենայնիւ, հակառակ սարսափներուն եւ տառապանքներուն, երեխաները յոյսեր ունին եւ նպատակադրած են հասնիլ իրենց երազներուն եւ նպատակներու իրագործման: Տասներկու տարեկան Տարսի, որ ներկայիս գաղթականի կարգավիճակով կ՛ապրի Թուրքիոյ մէջ, կ’ըսէ, որ կը փափաքի վիրաբուժ դառնալ, որպէսզի Սուրիոյ հիւանդներուն եւ վիրաւորներուն օգնէ: «Ես կ’երազեմ ոչ պատերազմական Սուրիոյ մասին, որպէսզի կարենանք տուն վերադառնալ: Ես կ’երազեմ այնպիսի աշխարհի մասին, ուր պատերազմներ չկան», կը նշէ ան:

«Մենք կը շարունակենք Սուրիոյ երեխաներուն տառապանքին լուռ վկաները ըլլալ: Անոնցմէ շատեր անցած են ճակատամերձ գօտիներ` դպրոցական քննութիւններ տալու համար: Անոնք կը շարունակեն պնդել, որ կը փափաքին շարունակել իրենց ուսումը նոյնիսկ ստորգետնեայ դպրոցներու մէջ: Տակաւին այնքան աւելին կրնանք եւ պիտի՛ ընենք սուրիացի երեխաներու ճակատագիրին ընթացքը փոխելու համար», նշած է Քափելիր:

Սուրիոյ երեխաներուն անունով ԵՈՒՆԻՍԵՖ կոչ կ՛ուղղէ տագնապին մէջ ներգրաւուած  կողմերուն,  կողմերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցողներուն, միջազգային հանրութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք անտարբեր չեն երեխաներուն նկատմամբ`

  • Անյապաղ քաղաքական որոշում կայացնելու` վերջ դնելու համար Սուրիոյ տագնապին,
  • Դադրեցնելու բոլոր տեսակի ծանր բռնութիւնները երեխաներուն նկատմամբ, ներառեալ` սպանութիւնները, անդամախեղութիւնները եւ զորակոչը, ինչպէս նաեւ` դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումը,
  • Վերացնելու շրջափակումները եւ առանց նախապայմաններու շարունակական կարելիութիւն ընձեռելու` հասնելու համար կարիքի մէջ գտնուող բոլոր երեխաներուն` Սուրիոյ ամբողջ տարածքին,
  • Գաղթականները հիւրընկալող երկիրներու կառավարութիւններուն եւ համայնքներուն կայուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու խոցելի երեխաներուն համար` անկախ անոնց կարգավիճակէն,
  • Շարունակական նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին` Սուրիոյ երեխաներուն կեանքը փրկող օգնութիւն  ցուցաբերելու համար:

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1967)

Յաջորդը

Ժողովրդավարութեան Դասատու… Էրտողանը

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.