Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղը Պիտի Ըլլայ Հայերուն Գերեզմանը» Արտայայտութեան Համար Հոլանտայի Մէջ Իլհամ Աշքին Դատապարտուած Է 2 Տարի Պայմանական Ժամկէտով

March 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոլանտայի դատարանը մեղաւոր ճանչցաւ հայերու նկատմամբ զանգուածային բռնութեան կոչով հանդէս եկած Լա Հէյի Թուրք-ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինը: Ան թրքական հանրահաւաքի մը ընթացքին վանկարկած էր «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»-ի ըսած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:

«Մեր ներկայացուցիչը դատարան կը գտնուի: Քիչ առաջ մեզի տեղեկացուց, որ դատարանը բաւարարած է մեղադրող կողմին պահանջը: Աւելի՛ն. դատարանը որոշած է հարկադիր աշխատանքային 120 ժամ նախապէս ներկայացուած 80 ժամի փոխարէն: Պայմանական բանտարկութիւնը նոյնպէս աւելի վճռուած է: Երկուքի փոխարէն չորս շաբաթ` երկու տարի պայմանական ժամկէտով: Դատական վճիռի մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացնենք աւելի ուշ: Այս պահուն կրնանք ըսել, որ ասիկա կարեւոր որոշում է: Դատապարտումը կը նշանակէ, որ հայերու նկատմամբ զանգուածային բռնութիւններու կոչ ընող մէկը անպատիժ չի մնար»,¬ ըսած է Մասիս Աբրահամեան:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութենէն յայտնած են, որ Աշքին կը մեղադրուի հայերուն դէմ բռնութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու մէջ, քանի որ ան Ալմելօ քաղաքին մէջ` Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին դիմաց կազմակերպուած թրքական հանրահաւաքին ընթացքին ըսած է. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»:

1 յունիս 2014-ին Ալմելոյի մէջ տեղի ունեցած էր հանրահաւաք, որուն հիմնականին մէջ մասնակցած են թուրքեր, եւ որ ուղղուած էր Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին դէմ: Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, մասնաւորապէս Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը, գանգատ ներկայացուցած էին հանրահաւաքին ընթացքին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն դէմ:

Նախորդը

«Պետական Ամավարկի Քննարկումները Ամբողջացուցինք, Իսկ Տնտեսութեան Նախարարը Պիտի Հետապնդէ Ինքնագլուխ Սակերու Բարձրացում Կատարող Վաճառականները» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Հաց Բերողի Մահուան Պատճառները Պարզելու Համար Նշանակուած Է Դատաբժշկական Փորձաքննութիւն. Նստացոյց` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.