Քննչական կոմիտէն դատաբժշկական փորձաքննութիւն նշանակած է Հաց բերող Արթուր Սարգսեանի մահուան պատճառները պարզելու համար, այս մասին «Այսօր»-ի թղթակիցին ըսաւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան:
Անոր խօսքով, Երեւանի Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժինին մէջ քննութիւնը սկսած է:
Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած է Արթուր Սարգսեանի` Հաց բերողի յիշատակին նուիրուած երթը:
Երթին մասնակիցները ետ վերադարձած են Ազատութեան հրապարակ, ուր պահանջած են Հաց բերողին մարմինը ամփոփել Եռաբլուրի մէջ:



