Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուգահեռներ. Աշոտ Ճենտերէճեանի Մահուան Առիթով

March 18, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Լ.

Այսպէ՛ս կեանքը կը շարունակուի: Մնացողները ստիպուած յիշատակներով կ՛ապրին, իսկ առյաւէտ բաժնուողները իրենց գործով կը մնան:

Ինչպէ՞ս սկսիմ միտքերս թուղթին յանձնել: Մտածեցի, որ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը առնեմ իբրեւ ելակէտ եւ մտքերս շաղկապեմ իրարու:

Ընդհանրապէս տեսիլք ունեցող մարդիկ մեր կեանքին մէջ հետք ձգած են: «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան տեսիլքը Գրիգոր Շահինեանին կը պատկանէր: Տարիներու ուսուցչական ասպարէզի իր թոշակը ներդրում ըրաւ այդ կեդրոնին, որպէսզի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուար տարիներուն, Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերու պատանի-պարմանուհիները մշակութային հանրակրթարան ունենան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ.  վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Սեդրակ Պալեանի, Վարանդ Ալեքսանտրեանի, Գեղանի Էթիեմեզմեանի, Մանուշակ Պոյաճեանի, Սարգիս Չոլոյեանի, Արփի Չպուքճեանի եւ Միհրան Շիմշիրեանի ճիգերով այդ կեդրոնը ունեցանք:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտին եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք նոր հորիզոններ բացուեցան «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին առջեւ, եւ անիկա սկսաւ սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ ըլլալ միակ ինքնուրոյն երեւոյթը իր աշխատանքով, թիւով, այլազանութեամբ եւ արդիւնքով:

Յաջորդական Շրջանային վարչութիւնները ոգեղէն կապը եղան հայրենիքին հետ: Կեդրոնական վարչութիւններու յաջորդական ներկայացուցիչները հսկողները, ուղղողները եւ գործակցութեան ոգին շեշտողները եղան:

Այսպէս, զանազան մարզերու մէջ ունեցանք հայրենիքէն հրաւիրուած արուեստագէտներ: «Գուսան» երգչախումբը ունեցաւ Յարութիւն Թոփիկեանը եւ Երուանդ Երկանեանը: «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ունեցաւ Սօս Սարգսեանը, Վիգէն Ստեփանեանը, Դաւիթ Յակոբեանը եւ Ռոպերթ Առաքելեանը: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան ունեցաւ Բագրատը, Ալեքսան Քոչարեանը, Մկրտիչ Մազմանեանը, Լաւրենտի Աղասեանը: Պարարուեստի մարզին մէջ տասնութ տարի շարունակ` Ֆելիքս Յարութիւնեանը եւ Յովիկ Խաչիկեանը:

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը ունեցաւ Նարինէ Ստեփանեանը, Երուանդ Երկանեանը, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերէճեանները:

Այս բոլորը կը համակարգուէին Հայաստանի Համազգայինի գրասենեակի տնօրէն Լիլիթ Գալստեանի հետ: Բոլորին ընտրութիւնը եղած էր մէկ նպատակով` մասնագիտական մօտեցումով սփիւռքահայ սերունդներուն շարունակականութեան հաւատացող արուեստագէտ ըլլալ:

Բոլո՛րն ալ ծառայեցին համազգայնականի պէս: Բոլո՛րն ալ զգացին Համազգայինի կարիքները: Բոլո՛րն ալ վարչական եւ վարչարարական դժուարութիւններու հանդիպեցան: Բոլո՛րն ալ իրենց արդիւնքներով գոհունակ վերադարձան… Բոլո՛րն ալ կապուած մնացին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին եւ ոմանք առյաւէտ բաժնուեցան այս կեանքէն, սակայն այսօր իրենց աշկերտները կը ծաղկեցնեն անոնց յիշատակը:

Հիմա, այսօր Աշոտ Ճենտէրէճեանի մահը ցնցած է  բոլորս: Քանի մը տարի առաջ Ֆելիքս Յարութիւնեանին մահն էր: Աւելի առաջ Ալեքսան Քոչարինը: Երախտագիտական զգացումները չեն բաւեր: Գիտէ՞ք ինչու: Որովհետեւ իրենց կեանքին ամէնէն արդիւնաբեր տարիները սփիւռքահայութեան նուիրեցին` հեռու իրենց ծննդավայրէն, շրջապատէն, մանաւանդ հարազատներէն: Մեր աշակերտները դարձան անոնց զաւակները: Անոնք գուրգուրանքով փոխանցեցին, սորվեցուցին ամէն բան:

Հիմա ունինք Պարգեւ Թասլաքեանը, Գրիգոր Ալոզեանը, Հրայր Գալէմքէրեանը, Նարինէ Հալաճեանը, Խաչիկ Տեմիրճեանը, Խաժակ Խաչատուրեանը, Նայիրի Ղազարեանը, Մոսիկ Կիւլոյեանը, Գրիգոր Արբաճեանը, Գօգօ Քէշիշեանը, Գայեանէ Մածունեանը, եւ շատ ուրիշներ, որոնք փաստն են, գործնական փաստը այդ երախտաւորներուն աշխատանքին: Ինչպէ՞ս շնորհակալ չըլլալ:

Այս բոլորէն վեր, սակայն, կը վերադառնամ սկիզբի խօսքիս: Տեսիլք ունեցող մարդու կարեւորութեան:

Դժբախտաբար, մեր օրերուն տեսիլք ունեցող չէ մնացած, այլ նաեւ կամաց-կամաց տեսիլք ունենալն ալ կ՛արգիլուի:

 

 

Նախորդը

Եգիպտացի Գեղանկարիչ Ռիհամ Աֆիֆիին «Առասպելներու Աշխարհը» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

«Պապիդ Լեզուն Խօսա՛…»

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.