Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատը Ինծի Համար Յոյսի Խորհրդանիշ Է. Ռիհամ Աֆիֆի

Մարտ 18, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցարոյցը`  ՍՕՍԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Վերջերս Հայաստան կը գտնուէր հայ ժողովուրդի լաւ բարեկամ, եգիպտացի ակնաբուժ. նկարչուհի  Ռիհամ Աֆիֆին, որուն  «Տը լէնտս օֆ լէճընթս» պատկերագիրքի շնորհանդէսը կազմակեպուեցաւ   փետրուար 24-ին` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Ձեռնարկին  ընթացքին նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Արշիլ Կորքի»   մետալով պարգեւատրեց Ռ. Աֆիֆին,  որուն հետ զրուցելով` «Հայերն այսօր»-ը նկատեց անոր եգիպտուհիի սէրն ու համակրանքը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկին Աֆիֆի, նախ քան ձեր առաջին այցը Հայաստան` տեղեա՞կ էիք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ըսեմ, որ շատոնց ծանօթ եմ հայ ժողովուրդին եւ գիտեմ Հայ դատի մասին, մեր հայ ընկերները այնտեղ կը կիսուէին մեզի հետ` Հայաստանի մասին լուրեր ուղարկելով: Նաեւ հայութեան մասին գիրքեր կարդալով եւ ուսումնասիրելով հայ ժողովուրդը` մէջս մեծ հետաքրքրութիւն եւ ցանկութիւն յառաջացաւ մօտէն ճանչնալու Հայաստանը:

Հ.- Ասիկա ձեր քանիերո՞րդ այցն է Հայաստան:

Պ.- Արդէն չորրորդ անգամն է. առաջին այցելութիւնս երկու տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին էր, յետոյ 2015թ.ի սեպտեմբերին Հայաստանի անկախութեան տօնին, իսկ 2016 մայիսին` Սարդարապատի տօնին:

Հ.- Արդեօք ձեր տպաւորութիւնները փոխուեցա՞ն հայութեան նկատմամբ Հայաստան այցելութենէն ետք:

Պ.- Չեմ կրնար  ըսել` փոխուեցան, այլ աւելի խորացան, Հայաստան այցելութիւնս աւելի ներշնչեց զիս, գիրքիս պատրաստութեան ընթացքին ոգեւորութեամբ քարտէսի վրայ կը փնտռէի քաղաքի այն հատուածները, ուր գտնուած եմ: Իսկ ժողովուրդին մասին ըսեմ հետեւեալը. այստեղ համոզուեցայ, որ Հայաստանի գլխաւոր ներուժն ու հարստութիւնը հայ ժողովուրդն է:

Հ.- Եգիպտոսի քաղաքակրթութիւնը արաբականէն որոշ չափով կը տարբերի, իսկ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի քաղաքակրթութիւններն ու մշակոյթը շատ տարբեր են, ձեր կարծիքով, կա՞յ որեւէ ընդհանուր բան երկու քաղաքակրթութիւններուն միջեւ:

Պ.- Եգիպտոսի եւ Հայաստանի ժողովուրդները  հին քաղաքակրթութիւն ունեցող ժողովուրդներ են, աշխարհի միւս երկիրներէն առաջ ունեցած են արուեստներ, արհեստներ եւ գիտութիւն.. այս երկու ժողովուրդները իրենց կերտուածքով յայտնի են, որ կը պատկանին հին քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ ունեցող  երկիրներու: Կը կարծեմ, որ ասիկա ամէնէն մեծ եւ կարեւոր գործօնն է, որ կը միացնէ մեր ժողովուրդները: Աւելցնեմ, որ Գահիրէի շարք մը իսլամական թաղամասերու մէջ պտտելով` կը հանդիպինք հին կառոյցներու, որոնց վրայ  հայկական նախշեր փորագրուած են, ասիկա կը փաստէ, որ հայեր եղած են Եգիպտոսի մէջ այն ժամանակ, կամ եգիպտացի բանուորներ եկած են Հայաստան, սորված են այդ արհեստը եւ վերադարձած` Եգիպտոս. ուրեմն այդ ժամանակներէն փոխյարաբերութիւններ եղած են:

Հ.- Կը բացատրէ՞ք, խնդրեմ,  Հայաստանի հանդէպ ձեր ունեցած հետաքրքութեան պատճառը, քանի որ  դուք ծնած էք Եգիպտոս, յետոյ երկար տարիներ ապրած էք ԱՄԷ-ի Տուպայ քաղաքին մէջ եւ այսքան մեծ ոգեւորութեամբ հետաքրքրուած էք Հայաստանով:

Պ.- Այստեղ կ’ուզեմ նշել, որ գիրքիս մէջ նշած եմ այս մասին, եւ շատ ուրախ եմ, որ այս մասին հարցուցիք: Ես ծնած եմ Եգիպտոս, նախքան դպրոց յաճախելս` գացած ենք Տուպայ, յաճախած եմ դպրոց մը, ուր միակ եգիպտացին էի, կային տարբեր երկիրներէ արաբներ եւ օտար երկիրներէ աշակերտներ, այդ միջավայրի առանձնայատկութիւններէն են, որ կը ծանօթանաս տարբեր մշակոյթներու, սովորոյթներու, միւս կողմէ կը կորսնցնես քու պատկանելիութեանդ զգացումը: Առաջին անգամ երբ ծանօթացայ հայերու, զարմացայ, որ իրենք եւ իրենց ծնողները ծնած ըլլալով Եգիպտոս` ծառայած են եգիպտական բանակին մէջ, ուրեմն 100 տոկոսով եգիպտացիներ պէտք է ըլլան, ատով հանդերձ, իմ հայ ծանօթս ըսաւ, այո՛, եգիպտացի եմ, բայց ես հայ եմ, շատ ազդեց հոգիիս այն փաստը, որ 100 տարի հայրեինքէն հեռու ապրելով մէկտեղ` չեն կորնսցուցած իրենց պատկանելիութեան զգացումը, կը հետեւին եւ կ’աշխատին Հայ դատին համար. հայու այս տեսակը արթնցուց իմ մէջս պատկանելիութեան զգացումը թէ ճիշդ ո՛վ եմ ես: Իսկ Հայաստանով հետաքրքրուած եմ, որովհետեւ նաեւ կը սիրեմ ծանօթանալ ժողովուրդներու կենցաղային առօրեային, մտածելակերպին` իրենց երկիրներուն մէջ. բոլորս  այդ առօրեան ունինք, բայց ամէն ժողովուրդ իր աւանդական սովորոյթներուն համաձայն, կը տարբերի միւս ժողովուրդներէն:

Հ.- Աւարտին, խնդրեմ, ըսէ՛ք ձեր խօսքը, մաղթանքը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Պ.- Ինչպէս ամէն հայու ցանկութիւնն է, ես ալ կը ցանկամ  Արարատը տեսնել հայկական հողի վրայ, ինծի համար Արարատը յոյսի խորհրդանիշ է, այս երկիրը նման է փոքրիկ աղջնակի, որ խնամքի կարիքը ունի, եւ ինչպէս նկատեցի, ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով կը գուրգուրայ, կը հոգայ ու կը պաշտպանէ այս երկիրը, կարելին կ՛ընէ բարձրացնելու Հայաստանի անունը, որուն համար բոլորս պէտք է հպարտանանք:

Մենք եւս հպարտ ենք մեր արաբ հիւրերով, որոնք յոյսով, լոյսով ու հաւատքով կը պարուրեն մեր սրտերը:

 

 

 

 

Նախորդը

The Land Of Legends «Առասպելներու Երկիր» Ռիհամ Աֆիֆի

Յաջորդը

Եգիպտացի Գեղանկարիչ Ռիհամ Աֆիֆիին «Առասպելներու Աշխարհը» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?