Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Միջերկրական Կոմիտէի Ժողովին

March 16, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10-11 մարտ 2017-ին Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) Միջերկրական կոմիտէի ժողովը, որուն կը մասնակցէին ԸԵՄՄ-ի անդամ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Պաղեստինէն, Իսրայէլէն, Արեւմտեան Սահարայէն, Իրանէն, Լիբանանէն  եւ այլուր:

Հակառակ ԸԵՄՄ-ի Սեւծովեան շրջանի կոմիտէին լիիրաւ անդամ ըլլալուն, Միջերկրական կոմիտէի ժողովի մասնակցութեան իրաւունք չունէր ՀՅԴ Երիտասարդականը: Շնորհիւ հետեւողական աշխատանքի եւ ԸԵՄՄ-ի նախագահութեան ներկայացուած նամակ-դիմումին, որուն մէջ  նշուած էր ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուածութիւնը Միջերկրական շրջանի շարք մը երկիրներու մէջ եւ գործուն դերակատարութիւնը տեղւոյն երիտասարդութեան կեանքին մէջ, ՀՅԴ Երիտասարդականին առաջին անգամ ըլլալով կարելիութիւն տրուեցաւ մասնակցելու ԸԵՄՄ-ի Միջերկրական կոմիտէի ժողովին մէկ ներկայացուցիչով, ի դէմս Ցոլեր Աղճեանի (Լիբանան):

Ժողովին ընթացքին մասնակիցները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ «Կիպրոսի հարցը եւ ներկայ իրավիճակը», «Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ կիներու իրաւունքները», «Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածի փորձէն ետք տիրող իրավիճակը» նիւթերով, քննարկուեցան Արեւմտեան Սահարայի, Պաղեստին-իսրայէլական հարցերը` կարեւոր նկատելով վերջինիս ընդհանրութիւնները եւ տարբերութիւնները Կիպրոսի հարցին հետ, ներկայացուեցաւ գործունէութիւնը Կիպրոսի երիտասարդական խորհուրդին, որուն կ՛անդամակցին Կիպրոսի երկու հատուածներու կառավարական եւ ոչ կառավարական երիտասարդական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Կիպրոսի երիտասարդական միութիւնը:

Խորհրդաժողովի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից շրջան ներկայացուց իր կազմակերպութեան գործունէութիւնը: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ ո՛չ միայն ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, այլ նաեւ Միջերկրական շրջանին մէջ գործող ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու աշխատանքներուն, ինչ որ աւելի հետաքրքրական էր եւ տպաւորիչ ազդեցութիւն ձգեց մասնակիցներուն վրայ:

Ժողովէն զատ մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան այցելելու Կիպրոսի տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ ունենալու տեղւոյն երիտասարդական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ:

Ժողովի աւարտին մասնակից կազմակերպութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցին շրջանի մէջ երիտասարդներուն առջեւ ծառացած խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու բարձրաձայնման եւ լուծման վերաբերեալ համագործակցութեան առնչութեամբ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

15 մարտ 2017

Նախորդը

Թուրք Պաշտօնատարին Յայտարարութիւնը` Քէօլնի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կանգնեցման Ծրագիրին Վերաբերեալ

Յաջորդը

Գարեգին Արք. Պեքճեան Ընտրուած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.