ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երջանկութիւնը հետզհետէ օրէ օր կ՛աւելնայ սիրոյ եւ բարեկամութեան իրողութեան հետ: Օրուան ընթացքին կարելի է կատարել փափաքելի աշխատանքներ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տնային աշխատանքներ, մտային աշխատանքներ, շարժում մը կայ օդին մէջ. օրը պիտի անցնի բեղուն գործունէութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը մասնաւորաբար արդիւնաւէտ է: Պիտի օգնէք ուրիշներուն` ժամեր տրամադրելով: Գործունեայ էք եւ հաւատարիմ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աւելի լաւ կ՛ընէք աստիճանով վեր բարձրանալ, քան վերելակով: Օրական քանի մը անգամ այս փորձը ընելով` ձեր մարզանքը կատարած կ՛ըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս իրիկուն որոշած էք կատարել կարգ մը աշխատանքներ, որոնք նիւթականի հետ կապ ունին: Ձեր գործունէութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Իրապէս կարիքը ունիք հանգստանալու: Ձեր աշխատանքը դասաւորեցէք օրը օրին, որպէսզի չխճողուիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պարզ գործերը ձեզ պիտի ուրախացնեն: Այսուհանդերձ, ունիք նաեւ ժամանակ պահանջող գործեր, որոնք պիտի յոգնեցնեն ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այսօր ձեր աշխուժութիւնը բարձր պիտի ըլլայ, եւ ձեր որոշած աշխատանքները պիտի կատարէք դիւրութեամբ: Դժգոհելու ոչ մէկ առիթ ունիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարօտը ունիք ձեզի մօտիկ անձերու, զանոնք փնտռելով կը հետապնդէք միանալու անոնց, որպէսզի ձեր ժամանակը անցնի ուրախ եւ անկեղծ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր շուրջինները իրենց բարեկամութեան փաստը պիտի տան այսօր, որով շատ պիտի ուրախանաք: Միասնաբար հաճելի պահեր պիտի անցընէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ ըրէք այնպէս, ինչպէս ամէն օր կ՛ընէք: Ուրիշ նորութիւններով մի՛ զբաղիք: Ձեր գիտցածը իրագործեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մեծ փափաք պիտի ունենաք ընթերցանութեան, եւ ձեր ձեռքը ի՛նչ գիրք որ անցնի, պիտի կարդաք յափշտակութեամբ:
