«Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթը իր գերմանական հրատարակութեան մարտ ամսուան թիւին կողքին վրայ անդրադարձած է Էրտողանի` Գերմանիոյ ուղղուած մեղադրանքներուն` ծաղրելով թուրք նախագահի «նացիական գործելակերպ»-ի մասին արտայայտութիւնը եւ յիշեցնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Փրենսա Արմենիա» կը հաղորդէ, որ թերթի կողքին վրայ ներկայացուած է Էրտողանի եւ տարեց գերմանացի զօրավարի լուսանկարը: Զօրավարը Էրտողանին պատասխանելով կ՛ըսէ. «Նացիական գործելակե՞րպ, թէ ոչ, հայերու պարագային մենք կապ չունէինք»: