Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հոլլանտ Առաջարկած Է Արցախի Ինքնորոշման Մասին Հանրաքուէ Կազմակերպել Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

March 15, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փարիզի մէջ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը թարմացուց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ մշակութային կապերը», ամփոփելով նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումը` յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութեանց համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Ֆրանսայի հայ համայնքը լաւ կապեր ունի Հայաստանի կառավարութեան հետ, իսկ մեր ներդրումով` Հայաստանի հետ Ֆրանսայի կապերը աւելիո՛վ պիտի բարելաւուին», ըսաւ ան:

Փափազեան նշեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու մարզը բարելաւուի, մեծ թիւով ֆրանսահայեր ներդրումներ պիտի կատարեն այնտեղ: «Պէտք է իրաւական հիմքի վրայ դրուի այդ մարզը, նաեւ պէտք է շահիլ ընկերութիւններու վստահութիւնը, որպէսզի նաեւ ֆրանսահայ գործարարները Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարեն», յայտնեց ան:

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահները իրենց հանդիպման ընթացքին քննած են նաեւ Արցախի տագնապին վերաբերող հարցեր: Փափազեան այս մասին խօսելով ըսաւ, որ յստա՛կ է Ֆրանսուա Հոլլանտի դիրքորոշումը, ըստ որուն` Մատրիտեան սկզբունքները պէտք է յարգուին:

«Ան փափաք յայտնեց, որ հասնինք Արցախի ինքնորոշման հանրաքուէին, այնուհետեւ` Արցախի շուրջ եղած հինգ տարածքները Ազրպէյճանին յանձնելուն, ո՛չ թէ եօթը, այլ` հի՛նգ: Ասիկա Հոլլանտի առաջարկն է, զոր ինք ներկայացուցած է բանակցող կողմերուն, բայց թէ այդ մէկը ընդունելի՞ է® անիկա միայն Արցախի ժողովուրդը կրնայ որոշել: Այդ պատճառով ալ մենք կը պնդենք, որ Արցախի իշխանութիւնները պէ՛տք է բանակցութիւններուն մաս կազմեն», ըսաւ Փափազեան:

Ան նաեւ մատնանշեց, որ Արցախի ժողովուրդը արդէն իսկ իր որոշումը տուած է, սակայն միջազգային հանրութիւնը այդ հանրաքուէն չի ճանչնար: «Հիմա, երբ կայ առաջարկ` հանրաքուէն միջազգայնօրէն կատարելու, այդ մէկը լա՛ւ է», աւելցուց Փափազեան: Փափազեան ապա անդրադարձաւ 14 մարտին տեղի ունեցած Ազրպէյճանի նախագահի Ֆրանսա այցելութեան: «Ան եւս Արցախի տագնապին վերաբերող օրակարգով կու գայ Ֆրանսա», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը` աւելցնելով, որ հայ համայնքը մտադիր է այդ այցելութիւնը դատապարտող բողոքի ցոյցեր կատարել: Ան կարեւոր նկատեց Ֆրանսուա Հոլլանտի այն խօսքը, թէ պէ՛տք է պատժուի յարձակող կողմը: «Հոլլանտ համաձայն է, որ սահմանին վրայ վերահսկող մարմիններ ըլլան, որպէսզի իմանան, թէ ո՞վ խախտեց հրադադարը», եզրափակեց Փափազեան:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Յաջորդը

«Շարլի Էպտօ» Ծաղրած Է Գերմանիոյ Ուղղուած Էրտողանի Մեղադրանքները` Յիշեցնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.