ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շրջապատուած էք անհաճոյ անձերով եւ անոնց պատճառով պիտի չկարենաք մասնակցիլ կարեւոր հանդիպումներու: Կարեւորութիւն մի՛ տաք մարդոց վատ կարծիքին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յոգնութիւնը կ՛աւելնայ, եւ կը դժուարանաք աշխատանքը շարունակել: Ուշադիր եղէք, ձեր գործերը կատարեցէք հանդարտութեամբ եւ մէկ կողմ դրէք ծանր աշխատանքները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ վստահ մի՛ ըլլաք ձեր ունեցած սիրոյն: Լաւ ճանչցէք ձեր շրջապատը, մանաւանդ` ձեր խօսակիցները, որոնք կրնան անկեղծ չըլլալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ընտանիքէն ոեւէ մէկուն օգնութիւնը մի՛ սպասէք: Ժամանակն է, որ պահպանէք ձեր անկախութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շուրջը ունիք արուեստագէտ անձ մը, որ չ՛անդրադառնար իր շնորհին: Զայն արթնցուցէք, որպէսզի արտայայտուի եւ քաջալերանք ստանայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը յարմար չէ պահանջելու ամսաթոշակի յաւելում: Քիչ մը եւս սպասեցէք, որ ժամանակը հասնի այդ մասին խօսելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պէտք է դուք ձեզ պարտադրէք ձեր խօսքերը լսելի դարձնելու համար: Եթէ շատ վերապահ ըլլաք, ձեր շուրջինները բոլորովին պիտի մոռնան ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարեւորութիւն պիտի չտաք կարգ մը արտայայտութիւններու, որոնք ձեզ շփոթի պիտի մատնեն: Ուշադիր եղէք` երկու անձերու միջեւ եղած խօսակցութիւնը լաւ ըմբռնելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծրագիր մը իրագործելու համար այնպէս ըրէք, որ անիկա գործադրելի ըլլայ: Նախընտրելի է ուրիշներու խորհուրդները լսել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործին մէջ բաւական ժխտական երեւոյթներ պիտի ստեղծուին: Չէք գիտեր` ի՛նչ ուղղութիւն առնել հասնելու համար ձեր նպատակին: Այս վիճակը երկար պիտի չտեւէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գիրքերը կրնան ուրիշներու փոխանցուիլ: Բացէք ձեր գրադարանը ընթերցասէրներուն դիմաց: Այսպիսով, օգտակար կ՛ըլլաք ձեր շուրջիններուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի պարտադրեն կատարել գործ մը` առանց մէկուն օգնութեան: Թերեւս ասիկա օգտակար կրնայ ըլլալ ձեզի: