Բոլոր համապետական ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը միշտ կ՛արձանագրէ իր ունեցած ընտրազանգուածի այնպիսի ծաւալ մը, որ երբեք չէ պակսած. «Թերթ»-ին հետ զրոյցին` խօսելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան եւ ունեցած «կայուն» ընտրազանգուածին մասին` ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւորութեան թեկնածու Արմէն Ռուստամեան:
«Այդ ընտրազանգուածը կը գոյանայ ոչ պատահականօրէն: Քանի որ Դաշնակցութիւնը գաղափարական կուսակցութիւն է, մեր ընտրազանգուածը համոզումով քուէարկած է մեր օգտին: Ատիկա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ մենք ուզած եւ առած ենք քայլեր, որ այդ համոզուածութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ չկորսուի», ըսաւ ան` նշելով, որ Դաշնակցութիւնը նպատակ ունի իր համակիրներուն շրջանակը ընդլայնել, միայն խորհրդարանին մէջ անցողիկ շեմը յաղթահարելով չսահմանափակուիլ:
Խօսելով իշխանութիւններուն հետ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու եւ անոր պատճառով անոնց նկատմամբ վստահութեան չափի փոփոխութեան մասին` ան նկատեց, որ երկրին մէջ կար կուտակուած առարկայական դժգոհութիւն: Ռուստամեան նշեց, որ իրենց քննարկումներու ընթացքին եկած են այն եզրակացութեան, որ եթէ այդ դժգոhութեան «պատճառներուն պատճառը» չվերցնեն, անիկա միշտ պիտի մնայ: «Ատիկա կարելի էր կատարել երկու ձեւով` մէկը` յեղափոխական, չնայելով, թէ ինչպիսի, արդիւնքներ կ՛ըլլան այդ յեղափոխութեան ժամանակ, միւսն ալ` ներսէն կատարել փոփոխութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք վերջին տարբերակը ընտրեցին: Հասկցան, որ պէտք է «որոշակի գին» վճարեն, որոշակի դժգոհութիւն իրենց նկատմամբ կը յառաջանար, թէկուզ եւ պայմանաւորուած այն փաստով, որ իրենք ալ արդէն իշխանութեան մէկ մասն են: «Մենք հասկցանք, որ պէտք է այդ գինը վճարենք, յետոյ այդ խնդիրները լուծենք», ըսաւ ան:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ իր զարմանքը արտայայտեց ընտրակաշառքը օգտագործողներու եւ անկէ օգտուողներու մասին: «Լկտիութեան հասած է ամէն ինչ, արդէն առանց ամչնալու ընտրողը ուղղակի կոչ կ՛ուղղէ, որ իրեն շատ դրամ տան, դրամ տուողն ալ չ՛ամչնար ըսելու, որ` այո՛, դրամ պիտի տայ, որ իրեն ընտրեն: Տեսէք ո՞ւր հասած ենք, որ ընտրողներուն համար ընտրութիւնը դարձած է դրամ շահելու միջոց: Իրենք չեն դիտեր ընտրութիւնը, իբրեւ իրենց ճակատագիրը որոշելու հարց, որ իրենց ընտրական իրաւունքը, քուէն իսկապէս ուժ ունի եւ ատիկա կրնայ օգտագործել աւելի որակեալ իշխանութիւն ունենալու համար», ըսաւ ան: