Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամները նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ այցելեցին Կոտայք, ուր Աբովեան քաղաքի երաժշտական դպրոցին մէջ քաղաքացիներուն հետ հանդիպում ունեցան Կոտայքի մարզին մէջ վարկանշային ցանկով առաջադրուած թեկնածուները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանն ու Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը:
Հանդիպումին ընթացքին Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ շատ կարեւոր է գիտակցիլ, թէ 2 ապրիլի ընտրութիւնները նախագահական չեն, նախագահ կամ թագաւոր պիտի չընտրուի, այլ պիտի ընտրուի խումբ` շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնն է, որ ստեղծման օրէն ունի յստակ գաղափարախօսութիւն եւ միայն ընտրութենէ ընտրութիւն չէ, որ գաղափարներ ու ծրագիրներ կը ներկայացնէ:
«Նայեցէ՛ք մնացած ութ կուսակցութիւններուն եւ տեսէ՛ք` անոնցմէ ո՞ր մէկը կրնայ նկատուիլ խումբ, որ ունի միասին աշխատելու փորձառութիւն, իսկական գաղափարախօսութիւն եւ ծրագիր», ըսաւ Մանոյեան` նշելով, որ հանդիպումի գալէ առաջ նայած է նախորդ ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ներկայացուցած ծրագիրին: Ան յիշեցուց, որ 1992-ին, նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, ՀՅԴ-ն ներկայացուցած էր եօթը կէտէ բաղկացած փլաթֆորմ, որուն շուրջ 40 տոկոսը իրականացած է, յատկապէս անոնք, որոնք համակարգային փոփոխութիւններուն կը վերաբերին:
«Պետական կառավարման համակարգային փոփոխութիւնները, որոնց մասին նախորդ խորհրդարանական, ապա նախագահական ընտրութիւններուն ատեն կը խօսէինք, իսկապէս կատարած ենք: Իսկ եթէ նայիք, մենք 2009-էն մինչեւ փետրուար 2016 եղած ենք ընդդիմութիւն, բայց այդ ամբողջ շրջանին ալ աշխատած ենք: Աշխատած ենք` 2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանին մէջ ունենալով ընդամէնը 5 աթոռ: Նայեցէք, թէ հինգ աթոռ ունեցող այլ կուսակցութիւններէն ո՞ր մէկը մեզի չափ աշխատած եւ արդիւնք բերած է: Ընտրութիւնը ասոր մէջ է:
«Մէկը կրնայ լաւ մարդ ըլլալ, բայց պէտք չունի անպայման նախագահ ըլլալու, որովհետեւ նախագահ չենք ընտրեր: Կրնայ լաւ բարեսիրութեամբ զբաղիլ, լաւ գործարար մարդ ըլլալ, բայց մենք արդէն Ամերիկայի պարագային կը տեսնենք, որ, եթէ գործարար մարդը խորքին մէջ չէ խառնուած քաղաքականութեան, ի՛նչ պատկեր կը ներկայացնէ երկիրը, ի՛նչ վիճակի կրնայ մատնուիլ անիկա, երբ նման անձ կը յայտնուի այդ պաշտօնին վրայ:
«Այդ պատճառով ալ պէտք է խումբ ընտրել. խումբ, որ ոչ թէ վերջին վայրկեանին կազմուած որեւէ դաշինք է, կարգ մը անձերու, անուններու համախմբումէն ծնունդ առած դաշինք, անձեր, որոնք այլապէս իսկապէս իրարու հակառակ եղած են, իրարու հակառակ քաղաքական ուղղութիւններ ունեցած են, նաեւ անձեր, որոնք ունին իրենց կողմէ հիմնադրուած կուսակցութիւններ, որոնց անունները տալու կ՛ամչնան կարծես եւ կը փորձեն իրենց անուան վրայ դնել շեշտը: Բայց անձ չէ, որ կ՛ընտրենք: Այս համակարգով կ՛ընտրենք խումբ, պէտք է նայիլ, թէ ո՛վ կրնայ իսկապէս խումբ ըլլալ եւ կարենայ իրականացնել իր ունեցած ծրագիրները:
«Կան նոյնիսկ կուսակցութիւններ, որոնք անուն փոխած են: Անուն փոխած են, նոյնիսկ եթէ դէմքերը նոյնը մնացած են: Իսկ եթէ դէմքերը նոյնը պիտի մնային, ինչո՞ւ անուն փոխեցին: Մենք նման խնդիրներ չունինք: Մենք բաց ճակատով կը ներկայանանք ժողովուրդին, որովհետեւ բացայայտ է, թէ ի՛նչ ծրագիր ներկայացուցած ենք ժողովուրդին, ինչքա՛ն քուէ ստացած ենք ժողովուրդէն եւ այս ստացած աթոռներուն վրայ ըլլալով ի՛նչ գործ կատարած ենք: Իսկապէս, խորհրդարանին մէջ ցոյց տուէք այլ ուժ մը, որ հինգ պատգամաւորով կատարած է այնքան աշխատանք, այնքան իրագործումներ, որքան մենք: Չէք գտներ», յայտնեց Կ. Մանոյեան:
Ան դիտել տուաւ, թէ չ՛ուզեր, որ մարդիկ տարուին այն խոստումներով, թէ կաշառք պիտի ստանան` հաստատելով, որ այսօր որքան ալ կաշառք ստանայ քաղաքացին, յառաջիկայ հինգ տարիներուն տասնապատիկը, հարիւրապատիկը պիտի վերադարձնէ կաշառքը տուողին: «Կաշառքը երկինքէն տեղացող մանանայ չէ: Կաշառքը տեղէ մը կը բերեն, վերջը ժողովուրդէն կ՛առնեն: Այդ պատճառով ալ աւելի ճիշդ կ՛ընէք, որ չտարուիք կաշառքով, քուէարկեցէ՛ք գիտակցաբար, ճիշդ խումբին», ըսաւ Մանոյեան:
Ան անդրադարձաւ Արցախին առնչուող հարցերուն. «Մարդիկ կը խօսին Արցախի մասին, բայց այս ընտրութիւններուն մասնակից միակ կուսակցութիւնը, որ ամէնուր ունի կառոյց, ՀՅԴ-ն է: Արցախի խորհրդարանին մէջ ունեցած ենք խմբակցութիւն, անկախ անկէ, թէ օրուան նախագահին հետ համագործակցա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ: Մենք նաեւ դէմ հանդէս եկանք սահմանադրական այն բարեփոխումներուն, որոնք առաջարկուեցան Արցախի մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ խորհրդարանական կառավարումն է ճիշդը», աւելցուցած է ան` հաստատելով, որ Դաշնակցութեան նպատակները անշեղ են:
«Մենք նոյնիսկ համագործակցած ենք Հայաստանի մէջ ՀՀՇ-ի ժառանգ Հայ ազգային քոնկրեսի հետ, որուն նախագահը ժամանակին մեր կուսակցութիւնը արգիլած էր` մեր ընկերները բանտարկելով: Մենք գործակցած ենք արտաքին ճակատին հետ` յատկապէս` Արցախի հարցով: Արցախի հարցը այն հարցը չէ, որուն գծով կրնան հանգիստ տուն երթալ եւ ըսել, որ անոր նախագահը չենք սիրեր: Մենք համոզուած ենք, որ Արցախը Հայաստանի մաս է, Արցախի վերամիաւորումը մեր ընդհանուր նպատակին մէկ մասն է», նշեց Մանոյեան:
Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ ջաւախահայութեան վերաբերող խնդիրներուն: «Անհրաժեշտ է, որ Վրաստանի հետ սերտացնենք մեր յարաբերութիւնները, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները ունին պատմական հիմք, առարկայական պատճառներ», ըսաւ Մանոյեան` աւելցնելով, որ անկախ անկէ` Վրաստանը եւ Հայաստանը ի՛նչ ճակատներու վրայ են, պէտք է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը խորացնել: Մանոյեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւնները: «Համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է Հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղեալ նկատել: Նոյնիսկ չվաւերացուած տարբերակը վտանգաւոր է», շեշտեց ան:
Իր խօսքի աւարտին Կիրօ Մանոյեան կրկին անդրադարձաւ 2 ապրիլին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ կրկին յորդորեց ընտրակաշառք առնելէ զերծ մնալ. «Ինչ ալ ըլլայ, դուք այդ խցիկին մէջ մինակ էք: Ինչեր կ՛ըսէին. կ՛ըսէին, թէ գրիչը նկարահանող պիտի ըլլայ. եթէ նկարահանող գրիչ տեսնէք, տուն տարէք ձեզի հետ», եզրափակեց Մանոյեան: