Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Համար Վտանգաւոր Է Ներքին Անկայունութիւնը

March 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ նախանցեալ օր ՀՅԴ ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Աբովեան քաղաքի բնակիչներուն հետ:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ, որ երկրի յառաջընթացին եւ պետականութեան պահպանման հիմքին մէջ պէտք չէ խեղճացած քաղաքացի ըլլայ. «Խեղճացած քաղաքացին չի կրնար տէր կանգնիլ իր հայրենիքին», նշեց ան: Մկրտչեանի խօսքով` Հայաստանի համար վտանգաւոր է ներքին անկայունութիւնը եւ ամէն ինչ պէտք է կատարուի, որ ներքին խնդիրները հարթուին:

«Օրէնքի առջեւ բոլորը հաւասար պէտք է ըլլան, երկրի կառուցման մէջ բոլորը պէտք է իրենց դերակատարութիւնը զգան, եթէ ընտրութիւն է, բոլորը պէտք է հասկնան, որ իրենց ձայնը գնումի ենթակայ չէ: Երբ քաղաքացին կը մտնէ այդ խցիկը, գումար տուողին հակառակ պէտք է քուէարկէ, որովհետեւ կարելի չէ, որ քու մասնակցութիւնդ պետութեան կառուցման, կառավարման, գնահատես ինչ որ գումարով, ինչքան ալ ընկերային խնդիրներու հարցը ունենաս, այդ գումարը այդ պահուն անհրաժեշտ ըլլայ: Մենք պէտք է կարենանք հասկնալ` ապագայ  խորհրդարանին մէջ ի՛նչ գործառոյթներ պէտք է կատարուին», ըսաւ  Մկրտչեան` աւելցնելով, թէ շատ կարեւոր է, որ խորհրդարանին մէջ չձեւաւորուի բացարձակ մեծամասնութիւն: «Եթէ այդ մեծամասնութիւնը չի ձեւաւորուիր բանակցութեան, համաձայնութեան ձեւով, կու գայ  երկրորդ տրամաբանութիւնը` մեր դէմ խաղ չկայ», նշեց դաշնակցական գործիչը` շարունակելով իր խօսքը. «Մեր ժողովուրդը իր էութեամբ կրցած է ամէնէն լաւ քաղաքակրթական արժէքներուն առջեւէն քալել, մենք կրցած ենք որդեգրել ամէնէն յառաջդիմականը եւ դարձնել հայկական: Կրթութիւնը պէտք է դառնայ գործիք, որպէսզի ապահովէ Հայաստանի մէջ հայ տեսակի շարունակականութիւնը: Մենք իրաւունք չունինք զիջելու մեր լեզուի օրէնքը, մեր կրթական հիմքերը, հայերէնը իբրեւ պետական լեզու ըլլալու մենաշնորհը»:

«Երբ Դաշնակցութիւնը քաղաքական ասպարէզի կամ ընտրապայքարի մէջ է, չի կրնար գտնուիլ մէկը, որ կարենայ դէպք մը ցոյց տալ, երբ օրինակ ձայն ստանալու համար ոեւէ դաշնակցական որեւէ տեղ  յանկարծակի սկսի սիրախաղ ընել Թուրքիոյ հետ, կամ սկսի խօսիլ պարտուողական տրամադրութեամբ», վստահեցուց Մկրտչեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ջաւախքին վերաբերող հարցերուն: «Եթէ Ջաւախքը կորսուի, Հայաստանը կը յայտնուի թրքական շրջափակման մէջ եւ կ՛ունենանք ազգային շրջափակում: Մենք պարտաւոր ենք ճամբայ ապահովել` դէպի քրիստոնեայ միւս ժողովուրդները», եզրափակեց Մկրտչեան:

Նախորդը

Հոլանտայի Կառավարութիւնը Կը Մերժէ Ներում Հայցել. Էրտողան. «Հոլանտան Գինը Պիտի Վճարէ»

Յաջորդը

Մանոյեան. «Պէտք Է Ընտրել Խումբ, Ոչ Թէ Որեւէ Անուններով Կազմուած Դաշինքներ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.