Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա Համաձայնագիրներուն Հետեւիլը Կարեւոր Քայլ Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ճամբուն Վրայ

March 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ մտադիր է շարունակել միջնորդական առաքելութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահ երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ:

Ան ընդգծեց, որ Ռուսիան միջնորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ հիմնուելով հինգ միացեալ յայտարարութիւններուն վրայ, որոնք ընդունուած են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ:

«Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բռնի ուժով լուծելու անթոյլատրելիութեան մասին: Անոնք կը բովանդակեն կոչ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան` վիճելի հարցերը լուծելու համար ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, պետութիւններու տարածքներու ամբողջականութեան,  իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ», նշեց Զախարովա:

Ան ընդգծեց, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ լուծման հոլովոյթի յառաջընթացին համար ռուսական կողմը ջանքեր պիտի գործադրէ այն մօտեցումներուն ծիրին մէջ, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ Մոսկուայի սերտ յարաբերութիւնները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յիշեցուցած է նախապէս կնքուած համաձայնագիրներուն մէջ Ռուսիոյ ունեցած դերակատարութիւնը` նշելով, որ անոնք մինչեւ օրս խնդիրի լուծման հարցին մէջ կարեւոր կէտեր կը նկատուին: «Նախորդ բոլոր համաձայնագիրներուն հետեւիլը կարեւոր քայլ է ղարաբաղեան լուծման հարցին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Ղարաբաղը Պիտի Ըլլայ Հայերու Գերեզմանը» Արտայայտութեան Համար Աշքինի Դատավճիռը Պիտի Հրապարակուի 17 Մարտին

Յաջորդը

Փափազեան. «Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններուն Ֆրանսահայութիւնը Ոչ Մէկուն Պիտի Սատարէ»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.