Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փափազեան. «Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններուն Ֆրանսահայութիւնը Ոչ Մէկուն Պիտի Սատարէ»

March 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 7 մայիսին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն ֆրանսահայութիւնը ոեւէ թեկնածուի աջակցելու յստակ դիրքորոշում չունի, որովհետեւ թեկնածուները «բաւական ներդրում չեն ունեցած»:

«Կը շարունակենք: Տակաւին չկան ցուցանիշներ այն գծով, որ գաղութի կազմակերպութիւնները կամ կուսակցութիւնները յստակ դիրքորոշում պիտի որդեգրեն: Այսօր կոչ չկայ, մենք պէտք է փորձենք այնպէս աշխատիլ, որ ով ալ նախագահ դառնայ, անոր հետ կրկին կապեր հաստատենք: Սակայն, կը կարծեմ, թէ երբեք պիտի չըլլայ նոյնը, ինչ որ էր Հոլլանտի օրով», շեշտած է Փափազեան:

Ըստ անոր, ֆրանսահայութիւնը ներկայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին հետ կապեր ունէր անոր ընտրուելէն 15 տարի առաջ: «Ան համայնքի թեկնածուն էր: Այս հինգ տարիներուն ան առիթ տուաւ, որ Ֆրանսայի պետութեան բարձրագոյն մակարդակի անձնաւորութիւններուն ներկայացնենք Հայ դատը, հայկական խնդիրները, Ցեղասպանութեան, ուրացման հարցերը, Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրները եւ այլն: Պատմականօրէն այս 5 տարիներուն այս աշխատանքը տարինք բարձրագոյն մակարդակով: Հիմա ան որոշած է չառաջադրուիլ, ուստի մեզմէ կը պահանջուի կրկին աշխատանքի սկսիլ: Ով ալ նախագահ ընտրուի, նոյն յարաբերութիւնները պիտի չունենանք, այսինքն` պէտք է նոր կապեր մշակենք, աշխատինք եւ գաղութի ու Հայ դատի պահանջները նորէն ներկայացնենք», ընդգծած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահը:

Փափազեանի բնորոշումով, ներկայ դրութեամբ Ֆրանսայի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը բաւական բարդ է, որովհետեւ ամենայն հաւանականութեամբ երկրի երկու հիմնական քաղաքական կուսակցութիւններուն` ընկերվարականներու եւ հանրապետականներու  թեկնածուները նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին պիտի չըլլան: «Այս է հիմնական պատկերը: Ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի տեսնենք Ազգային ճակատ կուսակցութեան եւ «Ըն Մարշ» շարժման թեկնածուները», դիտել տուած է Մուրատ Փափազեան:

 

Նախորդը

Զախարովա Համաձայնագիրներուն Հետեւիլը Կարեւոր Քայլ Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ճամբուն Վրայ

Յաջորդը

«Մենք Չենք Փոխուած Ե՛ւ Ընդդիմութիւն, Ե՛ւ Իշխանութիւն Եղած Ժամանակ» Կը Նշէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ`  «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ,  Հնարաւորութիւններ» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

December 12, 2025
Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

December 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

December 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.