Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղը Պիտի Ըլլայ Հայերու Գերեզմանը» Արտայայտութեան Համար Աշքինի Դատավճիռը Պիտի Հրապարակուի 17 Մարտին

March 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Հոլանտայի մէջ հայերու դէմ զանգուածային բռնութիւններու կոչ կատարած Թուրք-ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինի դատավճիռը պիտի հրապարակուի 17 մարտին: Ըստ անոր, ամենայն հաւանականութեամբ, դատարանը պատժիչ որոշում պիտի տայ:

«Դատին ընթացքը ցոյց տուաւ, որ ուրիշ ելք հազիւ թէ ըլլայ: Այսինքն` կը սպասենք, որ զանգուածային բռնութեան կոչ ուղղող Իլհամ Աշքին դատապարտուի», ըսած է Մասիս Աբրահամեան:

Դատախազութիւնը կը պահանջէ հարկադիր աշխատանքային 80 ժամ եւ պայմանական երկու շաբթուան բանտարկութիւն: Սակայն ատիկա երկու տարուան պայմանով. ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ այս անձը այդ ուղղութեամբ դարձեալ սխալ գործէ, ապա անպայման պատիժը դարձեալ պիտի կրկնուի, պիտի ըլլայ նոր, խիստ պատիժ:

«Պատիժի չափը նշանակութիւն չունի, աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունի ճիշդ դատապարտումը, որ հայերու դէմ զանգուածային բռնութիւններու կոչ ուղղող ոեւէ մէկը անպատիժ չմնայ», նշած է Աբրահամեան:

Ալմելօ քաղաքին մէջ 3 մարտին տեղի ունեցած է Լա Հէյի Թուրք-ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինի դատավարութիւնը: Աշքին կը մեղադրուի հայերուն դէմ բռնութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու ամբաստանութեամբ, որովհետեւ ան Ալմելօ քաղաքին մէջ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրին դէմ կազմակերպուած թրքական հաւաքին ընթացքին վանկարկած է «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերու գերեզմանը»: Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը գանգատ ներկայացուցած էին հաւաքի ընթացքին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն դէմ:

 

Նախորդը

Պըրժ Պրաժնէի Մէջ Բուռն Բախումներ` Լիբանանցի Եւ Պաղեստինցի Ընտանիքներու Միջեւ

Յաջորդը

Զախարովա Համաձայնագիրներուն Հետեւիլը Կարեւոր Քայլ Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ճամբուն Վրայ

RelatedPosts

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին

September 19, 2026
Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական  Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»
Հայկական

Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»

September 19, 2026
Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական  Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»
Հայկական

Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.