Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Շատ Աւելի Բացայայտ Եւ Թափանցիկ Ընտրութիւններ Պիտի Կատարուին»

Մարտ 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան համաձայն չէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի այն պնդումին, որ ընտրութիւններուն նախօրեակին Հայաստանի մէջ վախի մթնոլորտ կայ:

Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր: Այս ընտրութիւնները նախորդէն կը տարբերին այն առումով, որ չեմ տեսած որեւէ տեղ այդքան վախկոտ մարդիկ, որոնք իրենց ազատ խօսքը կ՛ուզեն արտայայտել, բայց չեն կրնար անոր առնչութեամբ մինչեւ հիմա խոչընդոտներ չկան: Ընդհակառակն` եթէ որեւէ դէպք պատահած է` այդ ալ պատահած է առաւելաբար վարկանշային համակարգին առնչութեամբ, այն ալ նոյն խմբակի անձերուն միջեւ»:

«Ես կը հաստատեմ, որ այս ընտրութիւնները ընդհանրապէս աննախընթաց են, այսպիսի ընտրութիւն երբեք չենք ունեցած, որովհետեւ, այս անգամ պիտի կայանայ նոր համակարգով, նոր խորհրդարանի մէջ: Ըսեմ, որ այսպիսով պիտի ընտրուի հիմնադիր խորհրդարան, անիկա տեղի պիտի ունենայ նոր ընտրակարգով, այսինքն` շատ աւելի բացայայտ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ պիտի կատարուին», նշեց Ա. Ռուստամեան:

Արձագանգելով այն դիտարկումին, որ Դաշնակցութեան կողմէ 2012-ի ընտրութիւններուն ընթացքին տրուած խոստումները ամբողջութեամբ չեն իրականացած, Արմէն Ռուստամեան նշեց. «Նախ, մենք խոստումներ կու տանք եւ զանոնք լիովին գործադրելու դիմում կը ներկայացնենք, եթէ իշխանութեան տիրանանք: Սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ 2012 թուականին, ունեցանք 5 աթոռ` 131 պատգամաւորէ կազմուած խորհրդարանին մէջ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` «աւելի ուշ իշխանութիւն չդարձա՞ք», Ռուստամեան ըսաւ. «Ո՛չ, իշխանութեան մաս կազմելը չի նշանակեր ամբողջական իշխանութիւն ունենալ, մանաւանդ որ այսօր իսկական համաձայնական կառավարութիւն ալ չէ, արդարեւ, Հանրապետական կուսակցութիւնը առանց մեզի արդէն ունի մեծամասնութիւն»:

Լրագրողը մատնանշած է, որ բոլոր պարագաներուն ալ Դաշնակցութիւնը ունեցաւ նախարարներ. «Այո՛, ամէն պարագայի ունեցանք նախարարներ, եւ ամէն պարագայի կատարեցինք մեր խոստացածներուն զգալի մէկ մասը` աւելի շատ, քան 5 պատգամաւորով կարելի էր ընել: Մենք վերացուցած ենք նախագահին աթոռը, որուն վրայ նստողը ամբողջ իշխանութեան կը տիրանար, ներկայիս այդ աթոռը չկայ. ո՛չ վարչապետը կ՛ունենայ այդ լիազօրութիւնները, ո՛չ ալ Ազգային ժողովին նախագահը… Նոր համակարգով հաւասարակշռուած իշխանութիւն կ՛ակնկալուի»:

Անդրադառնալով Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ քանի մը օր առաջ կատարուած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան ըսած էր, թէ 2015-ին եղած փոփոխութիւնները մեծ սխալ էին, իսկ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով աւելի պիտի խթանուին ընտրական գործընթացներուն բնորոշ յոռեգոյն դրսեւորումները, եւ ակնյայտ պիտի դառնայ «քսակներուն կռիւը զոռպայական մթնոլորտի մէջ», Ռուստամեան ըսած է. «Կը ցաւիմ, որ Ռ. Քոչարեանը տակաւին իր տեսակէտին կառչած է, որովհետեւ ժամանակին, երբ իրեն հետ կը համագործակցէինք եւ 2005 թուականին փոխեցինք սահմանադրութիւնը` 1995 թուականի սահմանադրութենէն անցանք 2005 թուականի սահմանադրութեան, այդ ժամանակ բոլորովին այլ տեսակէտներ ունէինք. մենք կը մտածէինք, որ պէտք է մեծնայ խորհրդարանին դերը, եւ Ռոպերթ Քոչարեանը այս գծով բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարեց եւ ըսաւ, որ խորհրդարանականացումը ճիշդ ուղղութիւն է Հայաստանի համար, մանաւանդ որ Եւրոպայի հետ համարկման գործընթացի մէջ ենք, իսկ եւրոպական միութեան 19 երկիրներ խորհրդարանական կառավարում ունին»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Դաշնակցութիւնը խորհրդարան անցնելու պարագային համաձայնական կառավարութիւն պիտի կազմէ՞ հանրապետականին հետ, ՀՅԴ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարը նշեց. «Մենք որեւէ համախմբութիւն կամ համագործակցութիւն կը կազմենք մեր սկզբունքներէն եւ նպատակներէն մեկնելով. եթէ այդ նպատակները ընդունուին, մենք կը սկսինք այդ համագործակցութեան, եւ ատիկա փաստած ենք»:

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան. «Դուք Պիտի Որոշէք` Ինչպիսի՛ Կուսակցութիւն Կ՛ուզէք Ունենալ Ազգային Ժողովին Մէջ»

Յաջորդը

Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Խապի Ալոնսօ Կ՛աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?