Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Դուք Պիտի Որոշէք` Ինչպիսի՛ Կուսակցութիւն Կ՛ուզէք Ունենալ Ազգային Ժողովին Մէջ»

Մարտ 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ներկայացուցիչները 9 մարտին Գեղարքունիքի մարզին մէջ հանդիպում ունեցած են ընտրողներուն հետ: Գեղաւանէն ետք անոնց յաջորդ հանդիպումը Մարտունիի մէջ էր:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան` դիմելով մարտունեցիներուն, նշած է, որ իրեն համար Մարտունիի շրջանը յատուկ է: «Հայաստանի մէջ շատ չես հանդիպիր մարդոց, որոնք այսպէս աշխատող ըլլան ու կառչած իրենց հողին: Ինչո՞ւ ծնելիութիւնը բարձր է Մարտունիի մէջ, իսկ այլ շրջաններուն մէջ ոչ», հարց տուած է Վարդանեան:

Ապա` դիմելով հանդիպումին մասնակիցներուն, ան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը իսկապէս Հայաստանի մէջ նոր սկիզբ դրած է: «Մենք Հայաստանի մէջ համակարգ փոխած ենք, բոլորը կը խօսին այն մասին, որ համակարգային փոփոխութիւններ պիտի ընեն, իսկ մենք ըրած ենք: 2018 թուականին մենք խորհրդանշական նախագահ պիտի ունենանք, ամէն ինչ պիտի որոշէ Ազգային ժողովը», ըսած է Վարդանեան` աւելցնելով. «Հպարտօրէն, բաց ճակատով կ’ըսեմ` նայեցէք այսօրուան կառավարութեան կազմին, մեր նախարարներուն` Լոքեանին, Մինասեանին, Մկրտչեանին. նայեցէք ու տեսէք` ինչպէ՛ս կ’աշխատինք եւ կ’ուզենք բան մը փոխել»:

Վարդանեան կոչ ուղղած է չընտրելու այնպիսի թեկնածուներ, որոնք այսօր ալ կան Ազգային ժողովին մէջ. ան ըսած է, որ պէտք է ընտրութեան մէջ բծախնդիր եւ ուշադիր ըլլալ, այդպէս որոշել, թէ զո՛վ պիտի ընտրեն: Ան նշած է, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել թեկնածուներու խումբերուն:

«Նայեցէք մեր վարկանշային թեկնածուներուն եւ նայեցէք միւսներուն, որոնք իրարու հետ վէճեր ունին, մեր մէջ նման բան չէք տեսներ», ընդգծած է ան, ապա աւելցուցած. «Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն է, միւսներուն նման չէ, եթէ ղեկավար չըլլայ, ապա այդ կուսակցութիւնն ալ չ’ըլլար: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ աշխարհի 30 երկիրներու մէջ ներկայացուածութիւն ունի, հիմա դուք պիտի որոշէք, թէ ինչպիսի՛ կուսակցութիւն կ’ուզէք ունենալ Ազգային ժողովին մէջ»:

Աւարտին` դիմելով հաւաքին մասնակիցներուն, Ա. Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպումին համար, ապա շեշտած է, որ քարոզարշաւի ընթացքին ամէն ինչ պիտի խոստացուի ընտրողներուն: «Այնքան սուտեր պիտի խօսին ձեզի` առանց ամչնալու, թէեւ գիտեն, որ պիտի չգործադրեն, բայց ամօթի զգացում չունին, կը խոստանան բաներ, որոնք 150 տոկոս պիտի չգործադրուին: Հաւատացէք այն ուժին, որ արդէն իսկ փոփոխութիւններու հիմք դրած է, իսկ այդ ուժը Դաշնակցութիւնն է. ՀՅԴ-ի կշիռը որքա՛ն մեծ ըլլայ խորհրդարանին մէջ, այնքան շուտ պիտի լուծուին մեր խնդիրները», եզրափակած է ան:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Դատ Կը Բանայ Արցախի Հետ Գործակցող Ընկերութիւններու Դէմ

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Շատ Աւելի Բացայայտ Եւ Թափանցիկ Ընտրութիւններ Պիտի Կատարուին»

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?