Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանը Եւ Նիկոսիան Համագործակցութիւնը Կը Զարգացնեն Շարք Մը Կարեւոր Ոլորտներու Մէջ
Երեւանի եւ Նիկոսիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր: Փաստաթուղթը ստորագրեցին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը եւ Նիկոսիոյ քաղաքապետ Խարալամպոս Պրունցոսը:
Տեղեկացնենք, որ կողմերը պիտի համագործակցին` քաղաքաշինութեան եւ համայնքային կառավարման, թուային փոխակերպման, նորարարութեան եւ «խելացի քաղաքներ» նախաձեռնութեան, կլիմայի փոփոխութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ կայուն զարգացման, մշակոյթի, կրթութեան, մարմնակրթութեան, զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքային տնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:
Երկու մայրաքաղաքներու ղեկավարները ընդգծեցին, որ ստորագրուած փաստաթուղթը կարեւոր հիմք կը հանդիսանայ միացեալ ծրագիրներու իրագործման եւ փորձի փոխանակման համար:
Գործընկերոջը ներկայացնելով քաղաքի զարգացման կարեւոր ծրագիրներն ու ներդրումային հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախագիծները` քաղաքապետ Աւինեան նշեց, որ Երեւանը բաց է նորարար գաղափարներու, յառաջատար արհեստագիտութիւններու եւ կայուն ներդրումներու համար:
Մասնաւորապէս կարեւոր նկատուեցան փոխադրութեան համակարգի արդիականացման, երթեւեկութեան բեռնաթափման եւ կառավարման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ` թուային փոխակերպման նախագիծներու իրագործումը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «GIS» աշխարհագրական տեղեկատուական համակարգի ներդրումին, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի կառավարման համակարգը դարձնելու աւելի արդիւնաւէտ, թափանցիկ եւ աշխուժ:
Դոկտոր Արտա Ճէպէճեանի Հետ Հանդիպում Արեւմտահայերէնի Մասին
Խաչատուր Աբովեանի անվան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնը հիւրընկալեց Քուէյթի ամերիկեան համալսարանի փրոֆեսէօր, ընկերալեզուաբանութեան դոկտոր Արտա Ճէպէճեանը: Հանդիպման առանցքը կազմեց արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակին, կենսունակութեան, խոցելիութեան եւ պահպանութեան հիմնական հարցերը:
Վ. Պարտիզունիի անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեան կարեւոր նկատեց նմանօրինակ գիտական հանդիպումներու դերը համալսարանական միջավայրին մէջ` ընդգծելով, որ անոնք ո՛չ միայն գիտելիքի փոխանցման, այլեւ` աշխարհաճանաչողութեան ընդլայնման, նոր հարցադրումներու եւ մասնագիտական հետաքրքրութիւններու ձեւաւորման կարեւոր հարթակ են:
«Այսպիսի դասախօսութիւնները մեր առօրեային մէջ փոփոխութիւններ կը բերեն, կարելիութիւն կ՛ընձեռեն դուրս գալու սովորական պատկերացումներու շրջանակէն եւ աշխարհը աւելի խորութեամբ ճանչնալու», հաստատեց Քնարիկ Աբրահամեան` շեշտելով նաեւ ուսանողներուն անմիջական մասնակցութիւնն ու աշխուժ ներգրաւուածութիւնը:
Արտա Ճէպէճեան հանդէս եկաւ «Կեցի՛ր, այդ բառը ինչպէ՞ս կ՛ըսես. սփիւռքի խօսակցական լեզուի խոցելիութիւնն ու կենսունակութիւնը» խորագրով դասախօսութեամբ:
Բանախօսը ներկայացուց ընկերային լեզուաբանութեան` լեզուի եւ հասարակութեան փոխյարաբերութիւնները ուսումնասիրող գիտակարգի հիմնական դրոյթները, անդրադարձաւ լեզուական բազմազանութեան, լեզուներու գործածութեան ընկերային միջավայրին, ինչպէս նաեւ հասարակական, պատմական եւ մշակութային գործօններու ազդեցութեան` լեզուի զարգացման եւ փոփոխութեան գործընթացներուն մէջ:
Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուեցաւ լեզուներու անհետացման վտանգին: Քննարկուեցան` լեզուի սերունդէ սերունդ փոխանցման խաթարումը, առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ անոր գործածութեան նուազումը, գերիշխող լեզուներու ազդեցութիւնը եւ լեզուական միջավայրի փոփոխութիւնները: Այս ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` վտանգուած լեզուներու դասակարգումը` ըստ անոնց խոցելիութեան եւ անհետացման վտանգի աստիճանին:
Դասախօսութեան առանցքային նիւթը արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակն էր:
Յատկանշական էր, որ հանդիպումը չսահմանափակուեցաւ միայն տեսական նիւթի ներկայացումով: Այն վերածուեցաւ աշխուժ եւ փոխներգործուն քննարկման, որուն ընթացքին հնչեցին նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ կենսունակութեան բարձրացմանն ուղղուած առաջարկներ:
Հանդիպման աւարտին իրենց դիտարկումներով հանդէս եկան Վ. Պարտիզունիի անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, «Սփիւռք» կեդրոնի գիտական աշխատող փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանն ու բանասիրական բաժանմունքի փոխտնօրէն, ամպիոնի դոցենտ Նայրա Խաչատրեանը` կարեւոր նկատելով արեւմտահայերէնի դերն ու նշանակութիւնը հայոց լեզուի ամբողջականութեան, ազգային ինքնութեան եւ սփիւռքահայութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ, ընդգծելով այսպիսի հանդիպումներու նշանակութիւնը յատկապէս ապագայ բանասէրներու մասնագիտական աշխարհայեացքի ձեւաւորման համար:
Հայաստանի Ժողովրդական Արուեստագէտ Նորայր Մեհրաբեան Ոչ Եւս Է
Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Հայաստանի «Մովսէս Խորէնացի» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալակիր, Հայաստանի «Բարեկամութիւն» պետական պարախումբի հիմնադիր, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Նորայր Մեհրաբեան ոչ եւս է: Այս մասին տեղեկացուցին Երեւանի պարարուեստի պետական քոլեճէն:
Նորայր Մեհրաբեան ծնած է 4 յունուար 1941-ին, Երեւան: Ան տարիներ շարունակ աշխատած է Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ, ղեկավարած է պարարուեստի ուսումնարանը, իսկ 1987 թուականին հիմնադրած է «Բարեկամութիւն» Հայաստանի պարարուեստի պետական համոյթը: Մեծ աւանդ ունեցած է հայկական պարարուեստի զարգացման եւ արտերկրի հայ համայնքներուն մէջ հայկական պարը տարածելու կարեւոր գործին մէջ:
AFCP-ն Աջակցեցաւ Հայաստանի Ամենավաղ Քիստոնէական Յուշարձաններէն Մէկուն` Երերոյքի Պազիլիք Տաճարի Պահպանութեան
Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու` մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամը (AFCP) աջակցեցաւ Հայաստանի ամենավաղ քրիստոնէական յուշարձաններէն մէկուն` Երերոյքի պազիլիք տաճարի պահպանութեան: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը:
Շիրակի մարզի Անիպեմզայ գիւղի մօտ գտնուող 4-5-րդ դարերու այս հայկական եկեղեցին լաւագոյնս կը ներկայացնէ Հայաստանի վաղ քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը եւ հարուստ պատմական ժառանգութիւնը: 2023 թուականին հիմնադրամը աջակցեցաւ տաճարի տարածքի կոնսերուացման, պահպանութեան եւ պատմական միջավայրի վերականգնմանն ուղղուած աշխատանքներուն:”
«Ձայներ` Ընդդէմ Մոռացութեան. Զանգուածային Ոճրագործութիւններու Զոհերը Անպատժելիութեան Դարաշրջանին» Միջազգային Համաժողովին
Նոյեմբեր 13-ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ձայներ` ընդդէմ մոռացութեան. զանգուածային ոճրագործութիւններու զոհերը անպատժելիութեան դարաշրջանին» միջազգային համաժողովին:
Ամբողջ աշխարհին մէջ ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ զանգուածային բռնութեան այլ ձեւերու զոհերը կը շարունակուին բախիլ խորքային հակասութեան: Թէեւ միջազգային իրաւունքը հետզհետէ աւելի լայնօրէն կը ճանչնայ անոնց իրաւունքները, սակայն անոնցմէ շատերուն ձայնը կը շարունակէ մնալ անլսելի, անոնց կրած վնասը` չճանչցուած, իսկ իրենք` արդարադատութեան իրականացման գործընթացներէն դուրս մղուած: Բռնութենէն փրկուած մարդիկ յաճախ կը շարունակեն ապրիլ տեղահանութեան, կորուստի, հոգեբանական հոգեխոցի, ժխտողականութեան եւ երկարատեւ անորոշութեան պայմաններու մէջ` նոյնիսկ բռնութեան աւարտէն տարիներ ետք: Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին միջազգային եւ ներպետական քրէական հետապնդումները, ճշմարտութեան բացայայտումը, փոխհատուցման ծրագիրներն ու պատասխանատուութեան ապահովման այլ նախաձեռնութիւնները փորձած են արձագանգել միջազգային ծանրագոյն յանցագործութիւններուն:
Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ զոհերու համար արդարադատութիւնը կը շարունակէ մնալ մասնակի, ուշացած, ընտրովի կամ անհասանելի: Իրաւական գործընթացները յաճախ չեն արդարացներ ճանաչման, արժանապատուութեան, ճշմարտութեան բացայայտման, մասնակցութեան եւ պատճառուած վնասի հատուցման վերաբերեալ անոնց ակնկալիքները: Ժամանակակից հակամարտութիւնները կը շարունակեն նոր զոհերու պատճառ դառնալ աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ, այդ թիւին մաս կը կազմեն` Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ, Սուտանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Կազայի եւ Իսրայէլի մէջ կատարուածները: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուանտայի, Պոսնիա-Հերցեկովինայի, Սիեռա Լէոնէի, Քամպոտիոյ մէջ տեղի ունեցած նախկին ոճրագործութիւններէն փրկուած մարդիկ, ինչպէս նաեւ եզիտիական համայնքի ներկայացուցիչները կը շարունակեն առերեսուիլ բռնութեան երկարաժամկէտ հետեւանքներուն:
Այս մարտահրաւէրները աւելի կը խորանան քաղաքական այնպիսի իրողութիւններու պայմաններու մէջ, երբ խաղաղութեան բանակցութիւնները, աշխարհաքաղաքական պայմանաւորուածութիւնները, վերականգնման ուղղուած ջանքերն ու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները կրնան յառաջանալ առանց զոհերու իմաստալից մասնակցութեան` արդարադատութիւնն ու պատասխանատուութեան ապահովումը դարձնելով երկրորդական կամ քաղաքական սակարկութեան առարկայ:
Այս ծիրին մէջ «Ձայներ` ընդդէմ մոռացութեան. զանգուածային ոճրագործութիւններու զոհերը անպատժելիութեան դարաշրջանին» միջազգային համաժողովին նպատակն է զոհերու ձայնն ու փորձառութիւնը դարձնել պատասխանատուութեան, արդարադատութեան, յիշողութեան եւ խաղաղաշինութեան շուրջ քննարկումներու առանցք: Համաժողովը զոհերը չի դիտարկեր բացառապէս իբրեւ իրաւական գործընթացներու մէջ վկաներ կամ հաստատութենական արձագանգներու կրաւորական շահառուներ: Համաժողովը զանոնք կը ճանչնայ իբրեւ յիշողութեան, գիտելիքի, դիմակայունութեան եւ բարոյական հեղինակութիւն կրող եւ ձեւաւորող աշխուժ դերակատարներ, որոնց փորձառութիւնը պէտք է ձեւաւորէ արդարադատութեան ընկալման եւ անոր իրականացմանն ուղղուած մօտեցումները:
Միաւորելով վերապրածներուն, զոհերու ներկայացուցիչները, իրաւաբաններուն, հոգեբաններուն, քաղաքականութիւն մշակողներուն, գիտնականներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները` համաժողովը կը ստեղծէ համեմատական եւ միջգիտակարգային քննարկումներու հարթակ, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ` ուսումնասիրելու միջազգային արդարադատութեան կարելիութիւններն ու սահմանափակումները, հոգեբանական հոգեխոցի եւ ժխտողականութեան երկարաժամկէտ հետեւանքները, ճանաչման եւ փոխհատուցման հարցերը, ինչպէս նաեւ` այն վտանգները, որոնք կը յառաջանան, երբ քաղաքական նպատակայարմարութիւնը կը գերակայէ պատասխանատուութեան ապահովման նկատմամբ:
Համաժողովի հիմքին մէջ պարզ սկզբունք է` զոհերը պէտք չէ մնան արդարադատութեան վերաբերեալ քննարկումներու լուսանցքին մէջ: Աշխարհաքաղաքական մասնատուածութեան եւ ընտրովի պատասխանատուութեան այս ժամանակահատուածին մէջ զոհերու ձայնը լսելը ճշմարտութեան, արդարադատութեան, արժանապատուութեան եւ կայուն խաղաղութեան ապահովման որեւէ բովանդակալից գործընթացի անփոխարինելի բաղադրիչն է:
Համաժողովին հիմնական նիւթը ամբողջացնող թուային ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ «Ճշմարտութեան եւ արդարադատութեան կեդրոն»-ին կողմէ ընտրուած վկայութիւններ, փաստագրական տեսանիւթեր եւ տեսողական նիւթեր:
Վեց պաստառներու միջոցով ներկայացուող նիւթերը կ՛անդրադառնան` զոհերու եւ բռնութիւնը վերապրածներու փորձառութիւններուն, միջազգային ծանրագոյն յանցագործութիւններու փաստագրման եւ պատմական յիշողութեան նշանակութեան:
Ցուցադրութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ ինչպէ՛ս վկայութիւններն ու փաստագրական նիւթերը կը հակազդեն յիշողութեան ջնջման, կը նպաստեն ճշմարտութեան պահպանման եւ յառաջ կը մղեն արդարադատութեան ու պատասխանատուութեան ապահովման գործընթացները:
Ներառական ցուցադրութեան առանցքային բաղադրիչը էական իրականութեան նորարարական փորձառութիւնն է` «Ոչ ոք կը լսէ. Սինճարի մոռցուած ձայները» (Nobody’s Listening: The Forgotten Voices of Sinjar):
Սենեակի ամբողջ տարածքը ընդգրկող այս ներառական փորձառութիւնը մասնակիցները տեղափոխեց հիւսիսային Իրաք` համադրելով 360 աստիճանով փաստագրական նկարահանումները, եզիտի արուեստագէտներուն տպաւորիչ ստեղծագործութիւնները եւ էական իրականութեան նորագոյն արհեստագիտութիւնները:
Սինճարի Քոչօ գիւղին մէջ ծաւալող եւ տարբեր ուղղութիւններով զարգացող պատմութեան միջոցով մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան լսելու «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԵՇ) ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ առեւանգուած եւ սեռական ստրկութեան ենթարկուած երիտասարդ եզիտի կնոջ, զանգուածային սպանութենէ փրկուած անոր եղբօր, ինչպէս նաեւ գիւղի վրայ յարձակման մասնակցած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալի պատմութիւնները:


