Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը

Մարտ 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը:

Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու ամուր բարեկամութեան վրայ հիմնուած միջպետական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները ուժականօրէն կը զարգանան, տարուէ տարի կ՛ընդլայնի  համագործակցութեան օրակարգը, որուն զգալիօրէն կը նպաստեն բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները: Ինչպէս երկկողմանի, նոյնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափերով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կարեւոր նկատած են համագործակցութիւնը անվտանգութեան մարզին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարութեան եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններու մակարդակը եւ յոյս յայտնած, որ Նիքոլայ Փաթրուշեւին այցելութիւնը նոր խթան կը հաղորդէ երկու կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս անվտանգութեան մարզին մէջ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ միջազգային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, շրջանային զարգացումներուն, Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Բիրտանական Տարեկան Ռազմաքաղաքական Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

Ակնարկ. Գաղափարներու Յաղթանակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?