«Երկիր» կը հաղորդէ, թէ երէկ առաւօտեան քանի մը պատգամաւորներ այցելած են «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկ` հաց բերողին` Արթուր Սարգսեանին հանդիպելու նպատակով: Մինչ այդ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազին հրաւէրով, հանդիպում տեղի ունեցած է պատգամաւորներ Միքայէլ Մանուկեանի, Էտմոն Մարուքեանի, Նիկոլ Փաշինեանի, Հեղինէ Բիշարեանի, Լեւոն Զուրաբեանի եւ Արամ Մանուկեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին պատգամաւորներուն ներկայացուած են Արթուր Սարգսեանին առաջադրուած մեղադրանքի բովանդակութիւնը, անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցի հիմքերը, պարզաբանուած են Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 145 եւ 147-րդ յօդուածներով նախատեսուած` «անձնական երաշխաւորութիւն» խափանման միջոցի կիրարկման կարգը, երաշխաւորողներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մանուկեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին գլխաւոր դատախազը ներկայացուցած է ամբողջ ընթացակարգը: «Մեզի կարելիութիւն տրուեցաւ հանդիպելու Արթուր Սարգսեանի հետ, որ 10 փետրուարին հացադուլ յայտարարած էր: Ան լաւ վիճակի մէջ էր, բոլոր հարցումներուն կ՛արձագանգէր, ըսաւ, որ որեւէ խախտում չէ կատարած, եւ իր առողջական վիճակն ալ չի ներեր որեւէ նոր բան մտածելու կամ ընելու համար: Անոր խօսքով` քննչական բոլոր գործողութիւններուն թէ՛ առաջին անգամ պատշաճ ներկայացած է, թէ՛ երկրորդ անգամ, դուրս գալէն ետք ալ պարտաւոր է ներկայանալ պատշաճ», ըսաւ Մանուկեան` աւելցնելով, որ այժմ ստորագրահաւաքին միացած պատգամաւորներուն կողմէ պէտք է համապատասխան գումար (500 000-ական դրամ) փոխանցուի դատախազութեան հաշիւին, որպէսզի լուծուի խափանման միջոցը փոխելու հարցը: «Խոստացան, որ քանի մը ժամէն հաց բերողը ազատ պիտի արձակեն», եզրափակեց Մանուկեան:
Նշենք, որ հաց բերող Արթուր Սարգսեանը երէկ աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ: